Կաղապար:Օրվա հոդված/Մարտի 10, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Արամ Հայկազ (22 Մարտ 1900, Շապին Գարահիսար - 10 Մարտ 1986, Նիւ Եորք), ամերիկահայ արձակագիր։

Բուն անունով Արամ Չեքեմեան։ Ծնած է Շապին Գարահիսար։ Մայրը՝ Իւղաբեր, ու քոյրերը 1915-ին օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին սուրիական անապատին մէջ: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, որոնք իսլամութիւնը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ դարձաւ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ` արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը: Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:1919-ին կը փախչի Պոլիս, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Նիւ Եորք։

21 տարեկանին ան Ամերիկա գաղթեց եւ սկսաւ գրելու եւ հրապարակելու իր յուշերը ջարդերուն... Ավելին