Կաղապար:Շաբաթվա հոդված/Շաբաթ 33, 2018 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ

Սիմոն Վրացեան (1882, Նոր Նախիջեւան - 21 Մայիս 1969, Պէյրութ), հայ քաղաքական գործիչ, դաշնակցական ղեկավար։ Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ պետական գոյքի, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարարն ու չորրորդ վարչապետը։

Ծնած է Նոր Նախիջեւան, Սեւ Ծովու հիւսիսը, Մեծ Սալա գիւղին մէջ։ Յաճախած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը, ապա ղրկուած է էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը։ Հոս է, որ հեռաւոր գաղութէ եկած պատանին կազմաւորուած է իբր հայ եւ իբր մտաւորական մարդ։

  • 1908-1910 թուականներուն ուսանած է Փեթրոկրատի համալսարանին մէջ, ուր հետեւած է իրաւաբանութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերուն։
  • 1906-ին կը սկսի իր յեղափոխական գործունէութիւնը զէնք փոխադրելով դէպի Արեւմտեան Հայաստանի Ֆետայական ջոկատները եւ կ՚անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիւսիսային Կովկասի Կեդրոնական Կոմիտէին։
  • 1907-ին կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 4-րդ Ընդհանուր ժողովին Վիեննայի մէջ: Ատիկա Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ դատերու միջեւ խաչաձեւման ու թրքահայու եւ ռուսահայու հակադրութեան բուռն մթնոլորտին մէջ գումարուած դժուարին Ընդհանուր Ժողովն էր, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ աւելիով միաձոյլ եւ միակամ։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդի ջանքերով ձեռք բերուած գաղափարական այդ միասնականութիւնն ու կազմակերպական հզօրացումը ամրակուռ հիմքը կազմեցին Վրացեանի հետագայ ոգորումներուն։
  • Ընդհանուր Ժողովէն ետք կ'անցնի Ս. Փեթերսպուրկ, ուր կը հետեւի համալսարանական բարձրագոյն ուսման՝ իրաւագիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մանկավարժութեան մէջ։
  • 1910-ին խուսափելով ոստիկանական հալածանքներէն, երբ... Ավելին