Կաղապար:Շաբաթվա հոդված/Շաբաթ 22, 2018 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ

Արամ Մանուկեան (բուն անունով՝ Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան) (187929 Յունուար 1919), պետական, հասարակական գործիչ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տիչ, Հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր։ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ։ Վասպուրականի ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավար։

Ծնած է Զէյվա (այժմ`ՀՀ Սիւնիքի մարզ, գիւղ՝ Դաւիթ Բէկ): (Այլ տեսակետի համաձայն Արցախի Շուշի քաղաքում): Շուշիի մէջ դերձակութեամբ զբաղող եղբօր օգնութեամբ, կ'աւարտէ Շուշիի Ագուլեաց ծխական վարժարանը,

  • 1890-ին կ'ընդունուի Շուշիի թեմական դպրոցը։ Դաշնակցութեան ազդեցութեամբ տեղի ունեցած խռովայոյզ ցոյցերէն ետք՝ ընկերներուն հետ, կը վտարուի դպրոցէն, ապա կ'ընդունուի եւ կ'աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը (1907-ին)։
  • Հայ ժողովուրդին հակացարական պայքարին մասնակցելով՝ 1901-1903–ին կը գործէ Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) եւ Կարսի մէջ, ուր կը լծուի հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին` իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով: Բայց Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը նախընտրէ իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի ան շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը:
  • 1903-ին Կարսի մէջ կը զբաղի Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք, նաեւ կամաւորական խումբեր փոխադրելով։ Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները կը նախընտրեն իրենց մօտ պահել մարդիկ... Ավելին