Մասնակից:Մարիա Պոտիկեան/Ավազարկղ 02

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Տարազ բառը իմաստային շարք մը տարբերակներ ունի: Այս պարագային տոհմային տարազին մասին է, որ ազգագրական մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Մեր Հայ պատմիչներէն Փաւստոս Բիւզանդ, Ղազար Փարպեցի, Թովմա Արծրունի եւ ուրիշներ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ յայտնած են հին հայկական տարազներուն մասին:

Կանացի տարազներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Մասնաւորաբար Սեբաստիոյ գաւառին մէջ՝ կանացի տարազը միատարր էր:

Կանացի տարազին հիմնական մասներն էին՝ անթարին, կարճ սալթան,գոգնոցը,գոտին, գլխայարդարանքը եւ ագանելիքը: Ճերմակեղէնը կը կարէին տեղական կտաւով: Անթարին երկու կողմերէն ճեղքեր ունէր: Քղանցքին անկիւնները ոսկեթէլով եւ նախշներով ասեղնագործելը կարեւոր միջոց էր վերնազգեստը զարդարելու: Իսկ թեւերուն ծայրերը ոսկեթելերով հիւսուած էին:Կիները կը հաքուէին չինթան՝ որ աստարապատուած անդրավարտիք էր: Գոգնոցը աշխատցուած էր յատուկ երկրաչափական նախշերով: Հարսերուն գոգնոցներու նախշերը խաչաձեւ կ՛ըլլար:

Սալթա բաճկոնը երեք տարբերակներ ունէր Սեբաստիոյ մէջ:

Գօտիներու տեսակները[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հոն տարածուած էին գոտիի երկու տեսակներ, մէկը նեղ էր՝ հուլունքներով, խխունջներով եւ արծաթ դրամներով:Իսկ երկրորդ տեսակը՝ բուրդէ թելերով հիւսուած կ՛ըլլար: 


Մազերու զարդարանք:[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Սեբաստիոյ կիները եւ աղջիկները իրենց մազերը հիւսելով զայն կը միացնէին զարդակապով եւ ականջներուն ետեւէն վառ կը կախուէին թիկունքներուն վրայ: Աղջիկները կը գործածէին արծաթէ դրամներով զարդարուած գլխարկ՝ արախչի: Իսկ տարեց կիները՝ կը գործածէին ֆէսը իբր գլխարկ, որուն վրայէն կը ծածկէին կարմիր շղարղ:

== Աղբյուրներ ==Աղբիւրներ:Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու,Համազգային Մշակութային Եւ Կրթական Ընկերակցութիւն-Պէյրութի մասնաճիւղ, էջ 22-23[1]
  1. Համազգայինի Կրթական Եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն. Պադկերագիրք Հայկական Տարազներու. Պէյրութ: Համազգայինի Կրթական Եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն. էջեր էջ 22-23.