Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 4, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ֆրանց Քաֆքա
Ֆրանց Քաֆքա

Ֆրանց Քաֆքա, (3 Յուլիս, 1883, Չեխական հանրապետութիւն - 3 Յունիս, 1924, ԱւստրիաՓրակա ծնած հրեական ծագումով Գերմանախօս հեղինակ։ Քաֆքա կը նկատուի Ի. դարու Անգլերէն Գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը։ Անոր գործերը, իրապաշտութեան եւ երեւակայական ոճեր կը պարունակեն, եւ կը մարմնաւորեն ու կը վերլուծեն օտարացումի, գոյացական վիշտի, մեղքի եւ անհեթեթութեան նիւթեր։ Ֆրանց Քաֆքայի հիմնական ստեղծագործութիւններն են վէպերը՝ Դատավարութիւն, Դղեակ, Կերպարանափոխութիւն եւ այլն եւ բազմաթիւ պատմուածքները։ Քաֆքայի ստեղծագործութիւններուն մեծամասնութիւնը տպագրուած են իր մահէն ետք։ Քաֆքայի գործերէն, որոնք հրատարակուած են իր կեանքի ընթացքին՝ Contemplation, A Country Doctor եւ Die Verwandlung-ն են։ Անոնք լոյս կը տեսնէին գրական թերթիկներու մէջ, սակայն շատ քիչ ուշադրութեան կ'արժանանային։ Քաֆքայի անաւարտ գործերը, ինչպէս վէպերը՝ Der Process, Das Schloss եւ Amerika իր հրամանով վերացուած էին։ Սակայն անոր բարեկամը՝ Մաքս Պրոտ զանոնք կը հրատարակէ... Ավելին