Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 25, 2016 թ.
Մոնթէ Մելքոնեան (25 Նոյեմբեր 1957 - 12 Յունիս 1993), արցախեան պատերազմի հայազգի հրամանատար։
Մոնթէ ծնած է Նոյեմբեր 25-ին, ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիոյ նահանգի, Ֆրեզնօ քաղաքէն ոչ հեռու՝ Վայսէյլի աւանին մէջ։ 1972-ի ամրան տասնհինգամեայ Մոնթէ Մելքոնեան կ՛աւարտէ միջնակարգ դպրոցը։ 1973-ին՝ մինչ աւագ դպրոցի նոր ուսումնական տարուան մեկնարկը, դպրոցի տնօրէն «Տէյվիտ Գրէյմս», կ՛առաջարկէ տաղանդաւոր աշակերտին ճամբորդել Ճաբոն, սորվելու։
Արտասովոր ընդունակութիւններու տէր, 12 տարեկանէն (այդ տարիքին է, որ ան տեղեկացած է իր հայ ըլլալուն մասին) ծնողներուն հետ, 15 ամեայ տղան, ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի՝ Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի 41 քաղաքներ։ Գացած է Արեւմտեան Հայաստան՝ իր պապերուն տունը։ Ուսումնասիրած է 1915 թուականի Եղեռնի պատմութիւնը։
1975 թուականին՝ գերազանց գնահատականով, կ՛աւարտէ «Մաունթ Ուիթնի»ի միջնակարգ դպրոցը։ 20 տարեկանին կ՛ընդունուի՝ Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանը։ Բացարձակ ընդունակութիւններու տէր՝ ան չորս տարուան դասընթացքը... Ավելին⇒