Jump to content

Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 25, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Նեմեսիս
Նեմեսիս

Նեմեսիսի Գործողութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջացաւ ի նպաստ դաշնակիցներուն, ուր պարտուած կեդրոնական պետութիւնները զինադադար պահանջեցին։ Թուրքիա 1918 Հոկտեմբեր 30-ին ստորագրեց դաշնակիցներուն հետ զինադադարի համաձայնագիրը։ Սակայն իթթիհատական կառավարութեան անդամները, խուսաբելով պատերազմին իրենց կատարած արարքներուն հետեւանքներէն, փախուստ տուած էին Պոլսէն եւ ապաստանած ուրիշ բարեկամ երկիրներու մէջ։

Հայերուն դէմ կատարուածներուն տպաւորութիւնները տակաւին թարմ ըլլալով դաշնակիցներու յիշողութեան մէջ, կը ստիպեն Պոլսոյ մէջ կազմելու զինուորական ատեան՝ պատերազմի ոճրագործները դատելու համար։ Այսպէս, քանի մը նիստերու ընթացքին կը դատուին իթթիհատ վէ թերաքքի կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներ։ Մահուան կը դատապարտուին մեծ ջարդարարներ՝ Էնվեր, Ճեմալ, Թալէաթ եւ տոքթ. Նազըմ, որոնք բոլորն ալ արդէն փախուստ տուած կը գտնուէին այլ երկիրներու մէջ բնականոն կեանք մը ապրելու համար։

Սակայն մահապատիժի վճիռները եւ դատավարութիւնները ընդհանրապէս դժգոհութիւն կը յառաջացնեն թուրքերուն մէջ, եւ ... Ավելին