Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 19, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Եւրոպայի խորհրդանիշներ, եւրոպական հաստատութիւններու կողմէ ընդունուած պաշտօնական խորհրդանիշներ, որոնք կը բնութագրեն Եւրոպայի միասնականութեան եւ ամբողջականութեան գաղափարները։ Պատմութեան ընթացքին ստեղծուած են Եւրոպայի շարք մը խորհրդանիշներ։ Ըստ խորհրդանիշին, անիկա կրնայ օգտագործուիլ ոչ միայն Եւրոպական Միութեան, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի համար։ Ամէնէն յայտնի խորհրդանիշները ստեղծուած են Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ՝ 1950-1960-ականներուն եւ հակառակ այն հանգամանքին, որ այդ խորհրդանիշները պէտք էր խորհրդանշէին ամբողջ Եւրոպան, այդուհանդերձ հասարակութեան մեծ մասը զանոնք կը կապէ միայն Եւրոպական Միութեան հետ։ Ի յաւելում համաեւրոպական ինքնութեան, ԵՄ-ն, իր ընդարձակման գործընթացին ատեն... Ավելին