Պորտալ:Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա/Ներածութիւն

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Արեւմտահայերէնը, ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկն է։ Արեւմտահայերէն կը խօսի սփիւռքահայութեան մեծ մասը, գլխաւորաբար Հիւսիսային Եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Պարսկաստանի հայութիւնը կը խօսի արեւելահայերէն իր ուղղագրական տարբերակով։ Ձեւաւորուած է 19-րդ դարու սկիզբներուն՝ Թրքահայաստանի հայութեան (Պոլսոյ եւ Իզմիրի) բարբառի հիման վրայ։ Վենետիկի Մխիթարեաններն ալ մեծ աշխատանք տարին Արեւմտահայերէնի դասագրքեր պատրաստելով եւ թարգմանելով յունական եւ լատինական գրականութեան գլուխ գործոցները։

Արեւմտահայերէնի հնչիւնական համակարգը զգալիօրէն տարբեր է արեւելահայերէնէն։ Գրութեան մէջ պահելով աւանդական համակարգը՝ արեւմտահայերէնը տարբերութիւն չի ներկայացներ արեւելահայերէնէն եւ կը պահպանէ բոլոր գրանիշները. Սակայն արտասանութեան մէջ կան շարք մը տարբերութիւններ։

Հայերէնի բառապաշարին մեծ մասը թէ՛ ձեւով, եւ թէ՛ բովանդակութեամբ նոյնն է երկու տարբերակներուն համար։ Սակայն կան ձեւիմաստային տարբերութիւններ, որոնք արդիւնք են լեզուական եւ արտալեզուական շատ մը գործօններու։ (մանրամասն...)