Մասնակից:Giro Seraydarian/Տիեկօ Մարատոնա

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կաղապար:Արեւելահայերեն Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնա (իսպ.՝ Diego Armando Maradona; 30 Հոկտեմբեր 1960, Լանուս, Պուէնոս Այրես նահանգ), արժանթինցի ֆութպոլ խաղացող, որուն խաղը աչքի ինկած է իր արտակարգ արուեստագիտութեամբ եւ օրինաչափ դրութիւններու հիանալի կատարմամբ։

Մարատոնայի ընտանիքը կ՛ապրէր Վելիա Ֆիորիտօ (այսինքն՝ Velia Fiorido) շրջանը, որ քաղաքի ամենաաղքատ բնակավայրը կը համարուէր։ Մանկութենէն զբաղուած է ֆութպոլով՝ 10 տարեկանին յայտնուելով «Արժենթինոս Խունիորս» (այսինքն՝ սպաներէն՝ Argentinos Juniors - Asociación Atlética Argentinos Juniors) երիտասարդական խումբին (այսինքն՝ խումբ- անգլ.՝ team) Ակումբի առաջին խումբին իր նորամուտը նշած է 15 տարեկանին, իսկ մէկ տարի անց հագած՝ Արժանթինի ազգային երիտասարդական հաւաքականի մարզաշապիկը։ 1978 թուականին Մարատոնային վերջին պահուն հեռացուցած են ազգային խումբէն, ուր Սեզար Մենոթիի (այսինքն՝ César Luis Menotti) գլխաւորութեամբ դարձած է աշխարհի ախոյեան (անգլ.՝- Champion)։ Հաւաքականի կազմէն ներս՝ 1979-ին, Մարատոնան մասնակցած է երիտասարդական առաջնութեան՝ նուաճելով ոսկէ մետալ։

1981 թուականին տեղափոխուած է «Պոքա Խունիորս» (Atlética Boca Juniors) խումբ։ 1982-ին Մարատոնան ազգային հաւաքականի կազմին մասնակցած է Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի առաջնութեան։ 21-ամեայ Արճանթինցին երկու անգամ գրաւած է Հունգարիոյ հաւաքականի դարպասը, սակայն իրեն խումբը չէ կարցած յաղթահարել խմբային փուլի արգելքը։ 1986 թ-ին Մեքսիքոյի մէջ Արժանթինի հաւաքականը նուաճած է ոսկէ մետալները, իսկ Մարատոնային շատերը սկսած են համարել աշխարհի լաւագոյն խաղցող։ Մրցաշարին Տիեկոն հարուածած է 5 գնդակ, որոնցմէ մէկը յետագային ճանաչուած է լաւագոյնը՝ աշխարհի առաջնութիւններու պատմութեան մէջ։ Այդ գնդակը Մարատոնան զարկած է անգլիացիներու հետ տեղի ունեցած 1/4 եզրափակիչ խաղին, շրջանցելով մրցակիցի 5 ֆութպոլիստի եւ դարպասապահ Փիթըր Շիլթընին (Peter Leslie Shilton) երբ 3 րոպէ առաջ Մարատոնան գնդակը խփած էր ձեռքով, բայց եւ այնպէս մրցավարը հաշուած էր գնդակը։ Խաղէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Մարատոնան յայտարարեց, որ այդ վիճելի գնդակը հարուածած է «մասամբ իր գլխով, եւ մասամբ ալ Աստուծոյ ձեռամբ»[1]։

1982 թուականին Մարատոնան տեղափոխուած է Եւրոպա։ Երկու տարի հանդէս գալով «Պարսելոնայի» «Barcelona» կազմէն ներս՝ Մարատոնան 1984-ին տեղափոխուեր է Իտալական «Նափոլի» «Napoli»։ 1986-1987 թուականներուն մրցաշրջանին Նափոլցիները կը դառնան Իտալիոյ ախոյեան եւ երկրի բաժակակիր։ 1989-1990 թուականներուն մրցաշրջանին անոնք դարձեալ յաջողութեան կը հասնին ազգային առաջնութեան։ 1989-ին «Նափոլի»ն, եզրափակիչը յաղթելով «Շթութկարթ»ին (Stuttgard), կը նուաճէ ՈՒԵՖԱ-ի «UEFA» բաժակը (The Union of European Football Associations)։

Աշխարհի 1990-ի առաջնութեան եզրափակիչին, Արճանթինի հաւաքականը, որուն կազմին հանդէս եկաւ Մարատոնան, 0-1 հաշուով զիջած է ԳՖՀ-ի (այսինքն՝ Գերմանիոյ Ֆետերատիւ Հանրապետութիւն անգլ.՝ Federal Republic of Germany - FRG ) հաւաքականին։

Որոշ ժամանակ խաղալով «Սեւիլիոյ» մէջ՝ (անգլ.՝ Seville - Spain, քաղաք Սպանիա մէջ) Մարատոնան 1993-ին տեխափոխուած է հայրենիք։ 1994-ի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ընթացքին Մարատոնան 15 ամիսով որակազրկման ենթարկուած է, քանի որ իր արեան մէջ թմրադեղեր յայտնաբերուած են, որոնք ժամանակաւորապէս կը բարձրացնեն կենսագործունէութիւնը (տոփինկ)։ Առանց Մարատոնայի Արճանթինի հաւաքականը կը պարտուի խմբային խաղերուն եւ դուրս կը մնայ մրցաշարէն։ Արճանթինի հաւաքականի կազմին մէջ Մարատոնան անցուցած է 91 խաղ եւ հարուածած 34 գնդակ։ Երեք տարի անց՝ 1997-ին՝ ֆութպոլիստը, ընդհանրապէս կը հեռանայ փրոֆեսիոնալ (այսինքն՝ արհեստավարժ , անգլ.՝ professional) «ֆութպոլէն» ոտնագնդակէն։ 2008 թ-ին Մարատոնան գլխաւորած է Արճանթինի ազգային հաւաքականը։ Աշխարհի 2010-ի առաջնութեան իր սաները 1/4 եզրափակչին պարտուեր են գերմանացիներէն եւ դուրս մնացած յետագայ պայքարէն։ Մրցաշարի աւարտէն որոշ ժամանակ անցած Տիեկօ Մարատոնային կը հեռացնեն իր զբաղեցուցած պաշտօնէն։ Տիեկօ Մարատոնան իր երկրպագուներուն կողմէ ստացած է «ոսկէ տղայ» մականունը։

Կենսագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Մանկութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Տիեկօ Արմանտո Մարատոնա ծնած է 1960 թուական հոկտեմբեր 30-ին (կիրակի)՝ առաւոտեան ժամը 5-ին, Պուէնոս-Այրես գաւառին մէջ գտնուող Լանուս քաղաքին Էվիտա հիւանդանոցին մէջ։ Ան ծնած է Տոն Տիեկոյի ընտանիքին մէջ։ Հայրը կ՛աշխատէր Տրիտումոլ հողմաղացի մէջ[2] որպէա բանուոր, իսկ մայրը՝ Տալմա Սալուատորա Ֆրանքոն, տնային տնտեսուհի էր։ Տիեկոն ընտանիքի հինգերորդ, բայց առաջին տղայ զաւակն էր, ունէր չորս քոյր՝ Ռիտան, Աննան, Էլզան եւ Մարիան[3]։ Տալմա Սալուատորան կ՛ըսէր. «Ան բոլորովին չի չարչարեց ինծի. շաբաթ ամբողջ օրը ես ինծի շատ լաւ կը զգայի, իսկ գիշերը ինձ հիւանդանոց տարին։ Ան շատ արագ լոյս աշխարհ եկաւ։ Այդ պահուն ես միայն բան մը կը խանդրէի. որպէսզի ան առողջ ծնի եւ լաւ մարդ դառնայ։ Բարեբախտաբար, այդ ամէնը իրականացաւ, կը կարծեմ, դեռ բան մըն ալ աւելի»[2]։

Մարատոնայի ընտանիքին արմատները կը ծագին Իտալիայէն։ Տիեկոն Մարկո Պոլոյի հետնորդներէն է[4][5]։ Նա ունի նաեւ խորվաթական արմատներ. Սալվադորայի տատիկի օրիորդական ազգանունն էր՝ Կարիոլիչ, իսկ անոր հայրը ծնած էր Գորչուլա կղզիին մէջ[6]։

10 ամսական հասակին Տիեկոն սկսաւ քալել։ Ինչպէս Արժանթինի երեխաներու մեծամասնութիւնը, Մարատոնան կանուխ հասակէն սկսած է գնդակով վազուըզել. այդ, որ կ՛ընէին երեխաները, դժվար է ֆութպոլ անուանել. անոնք պարզապէս կը վազուըզէին եւ կը հարուածէին գնդակը[3]։

Երբ Մարատոնան 7 տարեկան էր, անոր հորաքոյր Նենոյի որդին՝ Բետոն[2], նուիրեց անոր կեանքի առաջին գնդակը։ Տիեկոն այնքան ուրախացած էր նուէրին համար, որ առաջին գիշերը գնդակը գրկած անցուց։ Յետոյ Տիեկոն գնդակը դուրս բերաւ բակ, որպէսզի պարծենայ ընկերներուն մօտ, սակայն, որոշելով գնդակը ոչ ոքի տալ, կրկին տուն բերաւ գնդակը։ Ամբողջ ձմեռ գնդակը մնաց Տիեկոյի ննջարանին մէջ, եւ միայն երբեմն-երբեմն ան տանը քոյրերուն հետ կը խաղար գնդակով[3]։ Գարնան Տիեկոն այնուամենայնիւ որոշեց գնդակը բակ հանել. հայրը անոր ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս պէտք է հարուածել, իսկ որդին պարզապէս կը մարզուէր պատի մօտ՝ ձախ ոտքով գնդակին հարուածներ հասցնելով։

Երբ Տիեկոն մարզումներու շնորհիւ արդեն սովորած էր բաւական լաւ հարուածել գնդակը, ան սկսաւ իրմէ մեծ տղաներու հետ արդեն իսկական ֆութպոլ խաղալ։ Սակայն խաղի մէջ ան դեռ յաջողակ չէր. աւելի մեծ խաղացողները կը սլանէին զայն կողքով կամ պարզապէս շրջամցել զայն, եւ վիրաւորուած Մարատոնան կը գրկէր գնդակը ու ամուր կը սեղմէր կրծքին[3]։ Աստիճանաբար Մարատոնան սկսաւ սովորել եւ, ինչպէս բոլորը դաշտին մէջ, սկսաւ խաղալ։ Ան կրնար ժամերով խաղալ, այսպէս կոչուած, «Յոտ դաշտեր» տարածքին, ուր կը կազմակերպուէին բակային մրցախաղերը[7]։ Տիեկոն կը գերադասէր խաղալ ազատ պաշտպանի դեր, միայն աւելի մեծ հասակին ան անցաւ յարձակողի դերին[8]։ Աստիճանաբար Մարատոնան դարձաւ բակի խաղացողներէն տեխնիկապէս ամենաուժեղը, եւ դպրոցական խումբերէն իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր, որպէսզի ան իր կազմին մէջ խաղայ։ «Ռեմետիոս տէ Էսկալատա Սան-Մարտին» դպրոցը ընդունուելէն անմիջապէս ետք Մարատոնան ընդգրկուեցաւ Էսկալատայի ֆութպոլային խումբի կազմին մէջ, ուր խաղին տարրական էին դասարաններու աշակերտները[3]։ 1999 թուականին իր գիրքին մէջ Մարատոնան գրած է. «Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ մասնագէտ դարձած եմ՝ սկսած ամենականուխ հասակէն։ Ես կը խաղայի այն խումբին կազմէն, որ առաջինը ինձ հրաւիրած էր։ Երբեմն ինձ տնէն դուրս չէին ձգեր, եւ այդ ժամանակ ես խելագարի պէս կը պորայի։ Այնուամենայնիւ, մրցախաղէն 5 վարկեան առաջ Տոտան միշտ թոյլ կ՛ուտար դուրս գալ։ Բայց հօրս՝ Տոն Տիեկոյին, համոզելու համար շատ աւելի մեծ ջանքեր կը պահանջուէին։ Ես կը հասկնայի ծերուկիս, եւ ինչպէ՞ս չի հասկնայի, եթէ ան բացարձակապէս ամեն ինչ կ՛ընէր, որպէսզի մենք քաղցած չմնանք ու սորուինք։ Ան շատ կ՛ուզէր, որ ես ուսում ստանամ»[2]։

Տիեկոյի ընտանիքն կ՛ապրէր երեք սենեականոց բնակարանի մէջ, որ կը գտնուէր Պուենոս Այրեսի հարաւային ծայրամաս հանդիսացող Վիլյա Ֆիորիտո աղքատ թաղամասին մէջ[7], Ասամոր եւ Մարիո Պրաւո փողոցներու խաչմերուկին մէջ[3]։ Ընտանիքն ալ աղքատ էր, եւ երեխաները, ծնողներուն օգնելու համար, կաւէ ծաղկամաններ կը ծեփէին ու կը վաճառէին տեղի շուկային մէջ եւ աշխատած ողջ գումարը կ՛ուտային մօրը[3]։ Անոր հետ կը զբաղուէր նաեւ Տիեկոն։ Աւելի ուշ Տիեկոն ըսաղ է. «Եթէ ծնողներս լուսինն ալ խնդրեն ինձմէ, ես ամեն ինչ կ՛ընեմ, որ ձեռք բերեմ այդ: Եւ այդ դեռ չնչին բան կ՛ըլլայ այն ամենի համեմատ, ինչ անորք ըրած են ինձ համար»[4]։

Los Cebollitas[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ութ տարեկանին Մարատոնան ծանոթացաւ տասնամեա Կոյյո Կարիսոյի, որ կը խաղար «Արժենթինոս Խունիորս» ակումբի մանկական խումբին մէջ։ Կարիսոն տարուած էր ֆութպոլով, այդ հողին վրայ ալ տղաները ընկերացան. առաւել փորձուած Կարիսոն կրտսեր ընկերոջը կը պատմէր անցեալի ականապոր ֆութպոլիստներու մասին, որոնք Մարատոնային շատ հետաքրքրէին[3]։

1969 թուականի կէսերուն Կարիսոն Մարատոնային ծանոթացուց «Արժանթինոս Խունիորս»-ի սկաուտ եւ մինչեւ 14 տարեկաններու խումբի մարզիչ Ֆրանսիսքո Կորնեխոյի[7][9]։ Առաջին իսկ ցուցադրական խաղին Մարատոնան այնքան լաւ խաղացաւ, որ Կորնեխոն կասկածեցաւ անոր տարիքի հարցին՝ մտածելով, որ տղան գաճաճ է[9]։ Կորնեխոն Մարատոնային հրաւիրեց այցելել աւագ խումբին խաղերը, ուր Տիեկոն, միւս պատանի խաղացողներու նման, գնդակ կ՛ուտար ֆութպոլիստներուն։ Այդ տղաներէն Կորնեխոն ստեղծեց «Սոխուկներ» (իսպ.՝ Los Cebollitas) խումբը, որ «Արժենթինոս Խունիորս»-ի պատանեկան խումբը կը հանդիսանար։ Ան տղաներուն ապահովեց համազգեստ եւ դաշտ, ուր պարբերաբար մարզումները տեղի կ՛ունենային։ խումբը բաւական ուժեղ էր. պատանի ֆութպոլիստները կը յաղթէին տեղի բոլոր պատանեկան խումբերուն։ «Սոխուկներ»-ու առաջնորդը Մարատոնան էր, որ կը տիրապետէր հրաշալի տեխնիկայի, դաշտին ճիշտ որոշումներ կայացնելու ունակութեանը եւ կը գտնուէր գերազանց ֆիզիգական վիճակին, որու շնորհիւ կրնար երկու խաղակեսի ընթացքին անընդհատ վազել՝ գրեթէ առանց հոգնելու։ Տիեկոյի անգնահատելի արժանիքներէն մէկն ալ այն էր, որ ան ոտքերուն հարուածներ ստանալէն վայր չէր իյնար։ Ֆրանսիսքո Կորնեխոն կ՛ըսէր. «Դեռ այն ժամանակ Մարատոնան կրնար գնդակին հետ ընել գրեթէ ամեն ինչ։ Ան փայտէ չ՛ինկող տիկնիկի պէս էր. որքան կ՛ուզես՝ հրէ, ան, միեւնոյն է, կանգպած կը մնայ»։ Այդ ամենին հանդերձ՝ Տիեկոն խումբի միւս անդամներէն փոքր էր երեք տարիով[9][10]։

«Սոխուկները» երթալով կը կատարելագործէին. յաճախակի կը դառնային երկնիշ թիւով յաղթանակները։ Մարատոնայի խումբին ապոթէոզը դարձաւ «Ռիւեր Փլէյթ» երիտասարդական խումբիմ հետ մրցախաղը 1971 թուական սեբտեմբեր 21-ին, որն աւարտեցաւ 7-1 յաղթական հաշիւով։ Այդ խաղին Տիեկոն, որ ընդամենը 10 տարեկան էր, 5 գնդակ հարուածեց։ Բանը այն է, որ ան խաղէն առաջ խոստացած էր վնաս ստացած ընկերոջը, որ երկու կոլ կը հարուածէ իր, երեքը՝ ընկերոջ փոխարէն։ «Դաշտին մէջ մենք մեքենաներ կը յիշեցնէինք։ Բոլորին կը յաղթէինք, նոյնիսկ 20-0 հաշիւով։ Մենք կ՛երազէինք խաղալ հանրահայտ «Ռիւեր Փլէյթ»-ի պատանեկան խումբին հետ, որ այդ ժամանակ Արժանթինի յաղթականն էր։ Վերջապէս այդ մրցախաղը կայացաւ։ Մենք յաղթեցինք 7-1 հաշիւով, եւ ես հրաշալի կոլ մը հարուածեցի, իսկ ընդամենը հարուածեցի 5 կոլ, ինչպէս եւ խոստացած էի։ Պէտք էր տեսնալ, թէ հակառակորդը ինչպէս կը կատաղէր եւ խաղին ընթացքին բոլորը վրաս կը վազէին»[11]։

Այդ մրցախաղէն ետք Մարատոնայի մասին սկսան խոսիլ՝ որպէս արժանթինական ֆութպոլի ապագայ գերաստղ, իսկ Clarín թերթը Տիեկոյի մասին յոդուած գրեց, որուն մէջ սխալմամբ անոր անուանած էին Կարատոնա[12]։ Թիմն այնքան ուժեղ կը խաղար, որ հասաւ 136 խաղ անընդմէջ առանց պարտութեան ցուցանիշին[9][12]։ «Պենֆիլդ»-ի երիտասարդական խումբին հետ խաղէն առաջ Տիեկոն լուրջ վնասեց ձեռքը, վէրքին վրայ 7 կար դրուեցաւ, եւ Կորնեխոն չէր ցանկանար անոր դաշտ ձգել։ Սակայն Մարատոնան, մարզչին համոզելով, խաղացաւ այդ մրցախաղին մէջ՝ հարուածելով 5 գնդակ, եւ անոր ակումբը յաղթեց 7-1[9] հաշիւով։ Ներքին մրցաշարերէն բացի՝ խումբը կը մասնակցէր նաեւ Պերուի մէջ եւ Ուրուգուէյի մէջ տեղի ունեցող մրցոյթներուն։ «Սոխուկներ»-ուն մէջ խաղի հետ միաժամանակ՝ Մարատոնան ելոյթ կ՛ունենար «Արժանթինոս Խունիորսի» խաղերու ընդմիջումներուն՝ գնդակով հնարքներ ցուցադրելով։ Այդ ունակութեան համար ան հրաւիրուեցաւ հեռուստատեսութիւն՝ «Sabados Circulares» հեռուսատածրագրի կողմէն[13]։

Ծանօթագրութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  1. Maradona: I hold my hands up Wells, Tom; The Sun; Accessed 29-01-08
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 «Биография Диего Марадоны». maradona.cc. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ հունիսի 10-ին.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 Выборнов Ю. В., Горанский И. В. Марадона, Марадона…. — Физкультура и спорт, 1989. — Т. 1. — 192 с. — (Звезды зарубежного спорта). — ISBN 5278001860
  4. 4,0 4,1 Քաղվածելու սխալ՝ Սխալ <ref> պիտակ՝ «footballplayers%ru1» անվանումով ref-երը տեքստ չեն պարունակում:
  5. «Потомок Марко Поло». Спорт-Экспресс. 27 сентября 2002. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ ապրիլի 9-ին.
  6. «Biography of Diego Armando Maradona» (անգլերեն). new-dimension-software.com. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ մայիսի 21-ին.
  7. 7,0 7,1 7,2 «Я — Диего». euro-football.ru. 16 января 2001. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ հունիսի 10-ին.
  8. «Двуличный гений: Диего Армандо Марадона». euro-football.ru. 12 апреля 2006. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ ապրիլի 9-ին.
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 Марадона Д. А., перевод Юнгер М. Диего Армандо Марадона. О себе о футболе и не только = Yo soy el Diego. — Москва: АСТ и У-Фактория, 2010. — Т. 1. — С. 18-22, 24-25, 28, 32-35, 38, 40, 47-50, 53-58, 66-67, 69-71, 75-76, 80-84, 87-88, 99-100, 106-107, 111-112, 115-117, 119, 122, 126, 128, 130, 136, 139-142, 143-145, 147, 149, 157, 161, 165-166, 174-175, 177-178, 181, 186, 192, 194-195, 197-199, 202-203, 205, 208, 211-212, 217-220, 222-224, 233, 245-247, 250-252, 254, 256, 258-259, 261, 268, 271, 276-280. — 320 с. — 4000 экз. — ISBN 9785170592685
  10. «Диего Армандо Марадона». view-sport.ru. Վերցված է 2010 թ․ ապրիլի 9-ին. {{cite web}}: Cite has empty unknown parameter: |deadlink= (օգնություն)
  11. «Диего Марадона. Биография игрока». soccerland.ru. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-02-01-ին. Վերցված է 2010 թ․ մայիսի 11-ին.
  12. 12,0 12,1 «Официальный сайт Марадоны — Себольитас» (իսպաներեն). diegomaradona.com. Արխիվացված է օրիգինալից 2006-11-04-ին. Վերցված է 2010 թ․ ապրիլի 9-ին. {{cite web}}: Cite has empty unknown parameter: |deadlink= (օգնություն)
  13. «En el recuerdo» (իսպաներեն). Clarin. Արխիվացված է օրիգինալից 2011-08-18-ին. Վերցված է 2010 թ․ ապրիլի 9-ին.


Կատեգորիա:Արճանթինցի ֆութպոլիստներ Կատեգորիա:1960 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:30 Հոկտեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:Պարսելոնայի ֆութպոլիստներ Կատեգորիա:Նափոլիի ֆութպոլիստներ Կատեգորիա:Ոսկէ Գնդակի մրցանակակիրներ Կատեգորիա:Սեւիլիոյ ֆութպոլիստներ