Կաղապար:Օրվա հոդված/Օգոստոսի 18, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (18 Օգոստոս 1828, Պոլիս - 29 Նոյեմբեր 1868, Պոլիս), արեւմտահայ բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս, կաթողիկէ աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրն ու մայրը շատ կանուխ մահացած՝ թոքախտէն։ Պէշիկթաշլեան կրթութիւն ստացած է Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, եղած է Ղեւոնդ Ալիշանի աշակերտը։ Ապրած է համեստ կեանք մը ու աշխատած՝իբրեւ ուսուցիչ։

Նախակրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու Պոլսոյ եւ ապա Փատովայի( Իտալիա) վարժարաններուն մէջ։ Կազմաւորուած երիտասարդ 1845-ին, վերադարձած է ծննդավայր։ Թաղային վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան կողքին, մասնաւոր դասերու շնորհիւ, յաջողած է մայրենի լեզուի սէր եւ ազգային ոգի ներշնչել բարեկեցիկ բայց օտարախօս... Ավելին