Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 6, 2018 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Օրվա հոդված» նախագիծ

Հայ Եկեղեցւոյ որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք ունին դաւանաբանական եւ ծիսական տեսակէտներ, որպէս հետեւանք անոր պատմական կեանքին:

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ դաւանանքին, այսինքն՝ հաւատքին հիմքը, Աստուածաշունչն է, իր հին ու նոր կտակարաններով (այսինքն՝ Աւետարան,Գործք Առաքելոց, Առաքելական նամակներ եւ յայտնութեան գիրք):

Արդ, եթէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմը նո՛յն Աւետարանն է, որ մէ՛կ ճշմարտութիւն եւ մէ՛կ հաւատամք կը բովանդակէ, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել գոյութիւնը տարբեր եկեղեցիներու, որոնք ճանչնալով հանդերձ հաւատքին միեւնո՛յն աղբիւրը, իրարմէ կը տարբերին դաւանական սկզբունքներով:

Պատճառը կը կայանայ Աւետարանի ըմբռնումին եւ մեկնութեան մէջ: Եկեղեցիներ եւ համայնքներ իրարմէ կը տարբերին, որովհետեւ անոնք տարբեր ձեւով կը հասկնան, կը մեկնեն ու կ'ապրին Աւետարանին ճշմարտութիւններն ու պատգամները:

Ուրեմն, Աւետարանն է Քրիստոնէական եկեղեցիները միացնող գետինը, իսկ Աւետարանի մեկնութիւնն է զանոնք իրարմէ բաժնող, նոյնիսկ... Ավելին