Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 17, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Զահրատ (10 Մայիս, 1924, Պոլիս - 20 Փետրուար, 2007, Պոլիս), սփիւռքահայ բանաստեղծ։

Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, կ.Պոլիս, Նշանթաշ թաղամասը։1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը եւ յաճախած Իսթանպուլի համալսարանի դեղագործութեան ու բժշկութեան ֆաքիւլթէները։ Երեք տարի միայն ուսանելէ ետք, կիսարաւարտ թողած է իր ուսումը եւ նետուած է գործի ասպարէզ։

1940-ականներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ։ Իր տպագրեալ առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը»ն, լոյս տեսած «Ժամանակ» օրաթերթի 5 Սեպտեմբեր, 1943-ի թիւին վրայ։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ Այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ: Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Ուսման տարիներուն, ան միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: Զահրատ եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիր անդամը (1946-ին), ինչպէս նաեւ խմբագիր միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթի կիսամսեայ գրական էջերը։

Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածներ, որոնք 2006-ին «Արաս» հրատարակչատան կողմէ ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ։ Իսկ իններորդ հատորը՝ «Դդումի համ»ը հրատարակուած է յետմահու։ Իր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար... Ավելին