Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 12, 2016 թ.
![Ուրարտուի գերագոյն եւ ռազմի աստուածը Խալդի կենաց ծառին մօտ](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/a/a0/Reproduction_of_stone_image_of_urartian_god_Teisheba_on_the_bull.jpg/200px-Reproduction_of_stone_image_of_urartian_god_Teisheba_on_the_bull.jpg)
Կենաց Ծառ, հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշէ: Առասպելական բոյս՝ դրախտին մէջ (երկինքի) աստուածներուն ու արդարներուն անմահութիւն պարգեւելու համար:
Այս պատկերացման արմատները թաղուած են հին ժամանակներու խորքերը, անոնց դասական մշակումը, սակայն, ունեցած է նստակեցութեան, անասնապահութեան եւ մասնաւորապէս ոռոգուող երկրագործութեան շնորհիւ: Կենաց ծառի գաղափարին մէջ ընդգրկուած են մարդոց կենսափորձի իմաստութիւնները եւ հին պատկերացումները՝ բնութեան օրինաչափութիւններու նկատմամբ:
Կենաց ծառը կը համարուի հնագոյն մարդու կրօնա-ծիսական պատկերացումներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:Կենաց ծառի պաշտամունքը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը կրէ իր միջավայրին տեղական առանձնայատկութիւնները: Առանձին վայրերու մէջ սրբացուած են նաեւ ծառերու տարբեր տեսակներ:
Անհրաժեշտ է կատարելապէս ուսումնասիրել այն հասկացութիւնները, որոնք... Ավելին⇒