Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 20, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Արագած
Արագած

Արագած, Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարձր կէտը, բարձրութիւնը՝ 4090.1 մեթր։ Այն շրջապատէն մեկուսացած, վահանաձեւ փռուած զանգուած մըն է՝ մօտ 200 ք.մ. շրջագիծով։ Իր վահանակերպ տարածուած լանջերուն հետ միասին կը գրաւէ մօտ 4000 ք.մ.² տարածութիւն՝ Արարատեան ու Շիրակի դաշտերուն, Ախուրեան ու Քասախ գետերու միջեւ։ Երեք կողմէն անոր դրացի են հիւսիսէն՝ Շարայի, արեւելքէն՝ Արայի, հարաւ-արեւմուտքէն՝ Մեծ Արտենիի լեռները։ Եղած է պատմական Մեծ Հայքի Արագածոտն, Շիրակ եւ Նիգ գաւառներու սահմաններուն մէջ։ Այժմ կը մտնէ Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերու տարածքին մէջ եւ ունի կեդրոնական դիրք։

Արագած անուան ծագումը կապած են Հայկի որդի Արամանեակի կամ ալ Արա աստուծոյ անուններուն հետ (Արագած՝ Արայի գահ)։ Արագածն անցեալին եղած է աշխարհի ամենախոշոր հրաբուխներէն մէկը։ Ունի 400 մ խորութեամբ եւ 3 քմ տրամագիծով հսկայ խառնարան, որուն քայքայուած պատերուն մնացորդները կը կազմեն լերան չորս կատարները։ Խառնարանը հարաւ-արեւելեան կողմէն բաց է եւ կը կապուի շրջապատին։ Կատարները կիսաբոլոր դասաւորուած եւ կը կազմեն 270 աստիճանի աղեղ։ Ամենաբարձրը հիւսիսային կատարն է (4090.1 մեթր)։ Ավելին