Կաղապար:Օրվա հոդված/Մարտի 31, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Վեներա կամ Արուսեակ (մոլորակ), Արեգակնային համակարգի երկրորդ մոլորակն է։ Պտոյտի պարբերութիւնը 224,7 երկրային օր։ Մոլորակը իր լատիներէն, անունը ստացած է Վեներա աստուածուհիին անունով, սիրոյ աստուածուհին Հռովմէական դիցաբանութեան մէջ:

Վեներան Երկիր երկնակամարին վրայ երեւցող մարմիններէն պայծառութեամբ երրորդն է Արեւէն եւ Լուսինէն ետք, անոր տեսանելի աստղային մեծութիւնը կը հասնի −4,6 բաւարար պայծառ, որպէսզի ստուերներ ստեղծէ։ Քանի որ Վեներան աւելի մօտ կը գտնուի Արեւին, քան Երկիրը, անիկա երկնակամարէն երբեք չի հեռանար Արեւէն աւելի քան 47,8(երկրի մակերեւոյթէն դիտողին համար)։ Իր առաւելագոյն լուսատուութիւնը կը հասնի արեւածագէն անմիջապէս առաջ կամ որոշ ժամանակ արեւամուտէն ետք, ուրկէ կը ծագին Առաւօտեան եւ Երեկոյեան աստղ անուանումները։

Վեներան կը դասակարգուի որպէս Երկրային խումբի մոլորակ, եւ երբեմն զայն կ'անուանեն «Երկրի քոյր», քանի որ երկու մոլորակները իրարու նման են չափերով, ձգողութեան ուժով եւ կազմութեամբ։ Սակայն պայմանները այս երկու մոլորակներուն վրայ չափազանց... Ավելին