Կաղապար:Օրվա հոդված/Հուլիսի 7, 2017 թ.
Քարէն Եփփէ (դանիերէն՝ Karen Jeppe, 1 Յուլիս 1876 - 7 Յուլիս 1935), դանիացի Միսիոնար եւ ընկերային աշխատող:
Օրիորդ Քարէն Եփփէ եզակի անուն մըն է 1895-ի Համիտեան ջարդերէն սկսող օրերուն եւ այնուհետեւ գաղութներու մէջ մեր ժողովուրդի վերականգնումի ճիգին իրենց նպաստը բերած օտար մարդասէրներու եւ նուիրեալներու հոյլին մաս կազմողներէն մին է։
Ծնած է 1876-ին, Դանիոյ Լիւմպէրկ քաղաքը, պետական ուսուցիչի ընտանիքի մէջ։ Երեք քոյրերու անդրանիկը։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք հօր առաջարկով գացած է Քոփենհակն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար։
Համիտեան կոտորածներու տարիներն էին ու մամուլը լուրեր կը հաղորդէր ջարդերու մասին։ Հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով կրցած էին... Ավելին⇒