Կաղապար:Օրվա հոդված/Հուլիսի 28, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Քանոն
Քանոն

Հայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարուն Հայ երաժշտութեան զարգացման նոր դարաշրջան, երբ սկիզբ կը դրուի ժողովրդային ստեղծագործութեան հաւաքման եւ ուսումնասիրութեան, կը հիմնադրուին ազգային յօրինողական դպրոցը եւ երաժշտագիտութիւնը, օփերային եւ սենեկային կատարողական արուեստները:Այդ շրջանին կ'իրագործուի անցումը միաձայնային երաժշտական արուեստէն դէպի բազմաձայնայինը, երաժշտական ասպարէզը կը սկսին գրաւել Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ երաժշտանոցներուն մէջ կրթութիւն ստացած ստեղծագործողներն ու կատարողները:

1828-ին Հայաստանի Արեւելեան Նահանգները կը կցուին Ռուսիոյ, իսկ Արեւմտեան Հայաստան կը մնայ Թուրքիոյ Իշխանութեան տակ: Արեւելահայերը հնարաւորութիւն կ'ունենան մօտէն առնչուելու ռուս յառաջադէմ գրականութեան ու արուեստին հետ եւ Ռուսիոյ միջոցով ծանօթանալու... Ավելին