Կաղապար:Օրվա հոդված/Հոկտեմբերի 6, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Փօրթուկալին դրօշը
Փօրթուկալին դրօշը

Փորթուկալ (Կաղապար:Լեզու pt), պետութիւն՝ Հարաւային Եւրոպային մէջ։ Փորթուկալը Եւրոպայի ամէնէն արեւմտեան երկիրն է։ Արեւմուտքէն եւ հարաւէն սահմանակից է Ատլանտեան ովկիանոսին, հիւսիսէն եւ արեւելքէն՝ Սպանիոյ։ Մայրաքաղաքը Լիզպոնն է։

Հին քարէ դարերէն, Փորթուկալի տարածքին, մարդիկ բնակութիւն հաստատած են ։ Պրոնզէ դարուն Փորթուկալի հիւսիսային շրջանին մէջ զարգացած է մետաղամշակութիւնը։ Ք․Ա․ Ա. հազարամեակի բ. կիսուն, Փորթուկալի տարածքին բնակութիւն հաստատած են կելտերը, Ք․Ա․ Դ.- Գ. դարերուն՝ լուզիտանները, որոնց հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնը եղած է։ Ք․Ա․ Բ. դարերու սկիզբը անոնք պայքար մղած են երկիր ներխուժած հռոմէացիներուն դէմ եւ միայն Ք․Ա․ Ա. դարու վերջը Հռոմ յաջողած է կոտրել լուզիտաններու դիմադրութիւնը եւ անոնց տարածքը դարձնել Լուզիտանիա՝ Հռոմի գաւառ։ Հռոմէացիները տիրած են մինչեւ... Ավելին