Կաղապար:Օրվա հոդված/Հոկտեմբերի 30, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Արցախեան Գոյամարտ
Արցախեան Գոյամարտ

Արցախեան ազատամարտ (նաեւ գոյամարտ, պատերազմ), Արցախի հայ բնակչութեան պայքարը յանուն Հայաստանի հետ միացման եւ ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակողականի։ Հակամարտութեան երկրորդ կողմն էր Ազրպէյճանը, որ կը ձգտէր նուաճել Արցախը։ Չարդախլի հայկական գիւղին մէջ 1987-ին տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական ընդհարումներէն՝ ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ սկսաւ հայերու բնաջնջումը, որմէ ետք հակամարտութիւնը աստիճանաբար վերածուեցաւ հայ-ազրպէյճանական լայնածաւալ պատերազմի։

Արցախեան գոյամարտը սկիզբ առած է 1918-1920 թուականներուն։ Այս շրջանին Արցախը մաս չէր կազմեր որեւէ պետութեան, ընդ որում նաեւ՝ Ազրպէյճանի։ Օսմանեան Թուրքիոյ ճնշման տակ ստորագրուած Պաթումի պայմանագիրով, նոր կազմաւորուող Հայաստանի Տեմոկրատական (Ռամկավարական)Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս մնացած էին բազմաթիւ հայաբնակ տարածքներ, որոնց մէջ էր նաեւ՝ Արցախը։ շարունակել...