Կաղապար:Օրվա հոդված/Հոկտեմբերի 21, 2016 թ.
![](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/8/83/ChristiansBeforeSaladin.jpg/200px-ChristiansBeforeSaladin.jpg)
Երուսաղէմի Պաշարում տեղի ունեցած է 20 Սեպտեմբեր, 1187-էն մինչեւ 2 Հոկտեմբեր, Հատտինի ճակատամարտի ընթացքին խաչակիրներու հիմնական ուժերուն ջախջախումէն ետք: Վերջ գտած է քրիստոնեաներու կողմէ քաղաքին յանձնումով՝ Այուպեան ուժերուն, քաղաքին բնակիչները փրկագինի փոխարէն քաղաքէն դուրս բերելու պայմանով։ Քաղաքին յանձնումը առիթ կը հանդիսանայ Երրորդ խաչակիրներու արշաւանքի կազմակերպման:
4 Յուլիս, 1187-ին տեղի ունեցած Հատտինի ճակատամարտի ներքին տարաձայնութիւններէն տկարացած խաչակիրները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն։ Ազնուականութեան մեծ մասը, որոնցմէ է նաեւ Երուսաղէմի արքայ`Կի տը Լուզինեանը գերի կ'իյնան։ Հազարաւոր գերի ինկած իսլամներ ազատ կ'արձակուին: Սեպտեմբերի կէսերուն Սալահ Էլ Տինը կը գրաւէ Աքքան, Եաֆֆան, Նապլուսը, Տորոնը, Սիտոնը, Պէյրութը եւ Ասքալոնը։ Ճակատամարտի ընթացքին փրկուածները եւ փախստականները ապաստան կը գտնեն... Ավելին⇒