Կաղապար:Օրվա հոդված/Հոկտեմբերի 11, 2015 թ.
Հայ գիրերու գիւտ, հայերէնի այբուբենի ստեղծում (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ վերականգնում)։ Տեղի ունեցած է 405 կամ 406 թուականներուն։ Հայկական գրային համակարգը՝ 36 տառէ բաղկացած հայերէնի այբուբենը, ստեղծած կամ վերականգնած է Մեսրոպ Մաշտոցը (361-440)։
Այբուբենները ստեղծուած են հին ժամանակներուն կամ վաղ միջնադարուն՝ հնագոյն ժողովուրդներու կողմէ։ Հայոց գիրը, այդպիսով, ունենալով աւելի քան մէկուկէս հազարամեակի կեանք, ամենաերիտասարդներէն մէկն է։
Այբուբենի գիւտը՝ տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանը առաջին անգամ բաժանուած էր երկու հարեւաններու՝ Բիւզանդական կայսրութեան ու Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ: Անոր շնորհիւ ժողովուրդի մէջ արմատացաւ քրիստոնէական հաւատքը, որ դեռ մէկ դար առաջ՝ 301 թուականին, ընդունուած էր որպէս հայոց պետութեան պաշտօնական կրօնք, եւ այսպիսով ազգի պահպանումը աւելի ամրապնդուեցաւ։ շարունակել...