Մասնակից:Markarid Azadian/Ավազարկղ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորհրդանիշ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի, հաստատուած 12-րդ դարու վերջաւորութեան, պաշտօնապէս գործած 1742, առաջին Պատրիարք Աբրահամ Արծիւեան:

Պատմական[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը պատկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն, այսպիսով կ'ենթարկուի Հռոմի Պապի առաջնորդութեան։ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրումի գաղափարը յառաջացած է 12-րդ դարու վերջաւորութեան, Կիլիկեան Հայաստանի տարածքով դէպի Սուրբ Հող ճամբորդող խաչակիրներու, եւ տեղի հոգեւորականութեան միջեւ կապերու հաստատումէն։ Ներկայիս՝ Կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Թարմունի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետն է։

Պաշտօնապէս Եկեղեցին սկիզբ առած է, իբրեւ ինքնավար հոգեւորական հանրութիւն 1742 թուականին, երբ Հռոմի Պապ Պենետիկտոս XIV Աբրահամ Արծիւեանը կը նշանակէ Կիլիկեան Հայաստանի Պատրիարք, որ կը դառնայ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջին Պատրիարքը։

Թեմեր[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի զանազան թեմեր՝ Լատին Ամերիկա, Պոյնէս Այրէս, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Իրաք, Իրան, Երուսաղէմ եւ Յորդանան, Լիբանան, Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, Քեսապ, Թուրքիոյ մէջ՝ Պոլիս: Եկեղեցիներ կան՝ Աւստրլիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Շուէտի, Ուքրանիոյ մէջ:

Միաբանութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  • Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն
  • Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութիւն
  • Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն

Հաստատութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի դպրոցներ, որբանոցներ, դարմանատուներ, երիտասարդական միութիւններ, տիկնանց յանձնախումբեր, մշակութային յանձնախումբեր, երգչախումբեր:

Աղբիւրներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Կատեգորիա:Հայ կաթողիկէ եկեղեցի