Մասնակից:Jozef-Arslanyan/Ավազարկղ 01

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
gkvgh

Յունաբան Դպրոցը,  հայ մատենագրութեան մէջ գրական եւ իմաստսիրական շատ ուշագրաւ շարժում մըն է Յունաբան Դպրոցը  ․ Ե դարու հայ մատենագիրները գլխաւորաբար զբաղեցան քրիստոնէական գրականութեան նուիրուած թարգմանութիւններով եւ հեղինակութիւններով ․հետզհետէ հայ մատենագիրները զարգացան , հայ եկեղեցականութիւնը տիրապետեց քրիստոնէական գրականութեան ․․ անոնց մտքի հորիզոնները ընդարձակուեցաւ եւ պահանջ զգացուեցաւ քրիստոնէական կրօնական պարզ գիտելիքներէն անդին անցնելով ծանօթանալ եւ տեղեկանալ քրիստոնէական եւ հեթանոսական իմաստասիրութեան եւ բարձրագոյն գիտութեանց ․ եւ այսպիսի պահանջքի մը գոհացում տալու համար յառաջ եկաւ Յունաբան Դպրոց կոչուած շարժումը ․․որուն նպատակն էր ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ ․․


  1. Իմաստասիրական
  2. Գիտական
  3. Ճարտասիրական
  4. Քերականական , եւ այլ ուսումներով ․ այս տեսակէտով Յունաբան Դպրոցը , Հայ Գրականութեան Զարգացման Շարժում է ․․․․Յունաբան Դպրոցի շարժումին հետեւանքով հայ մատենագրութեան մէջ յառաջ եկան մատենագրական նոր սեռեր , եւ որպէսզի այդ նոր սերերը կարենային մշակուիլ ,պէտք էր նորութիւններ ներմուծէին գրական լեզռւի մէջ ․․․ Հայերէն լեզուով սկսան գործեր թարգմանուիլ , հայ հեղինակները սկսան նոր բառեր յօրինել ու սահմանումներ եւ եզրեր ստեղծել ․․․․ Ոսկեդարու հայերէնը չէր կրնար գոհացնել Յունաբան Դպրոցի շարժումը ․․․ Ուստի հայ հեղինակները սկսան շինել նոր բառեր , եւ ստեղծել գրելու բոլորովին նոր ոճ մը ․․եւ այսպէս Յունաբան Դպրոցի ախոյանները յեղաշրջում յառաջացուցին փոփոխութեան ենթարկելով զայն ․․․

Յունաբան Դպրոցի շարժումին մէջ կարելի է դիտել հետեւեալ գլխաւոր յատկանիշերը ․․․;

  1. իմաստասիրական բովանդակութեամբ գործերու եւ անոնց մեկնութեանց դարգմանութիւն
  2. Քերականական զարտուղի ձեւերու որդեգրում ․
  3. Բազմաթիւ նոր բառերու կերտում ․
  4. Յոյն մատենագրութեան եւ լեզուին հետ ամենամեծ յարաբերութիւն ․

akropolis

ՅՈՒՆԱԲԱՆ ԴՊՐՈՑԻ հետեւողները գլխավորաբար կոչուեցան ՔԵՐԹՈՂ , ՓԻԼԻՍՈՓԱ , ՀՌԵՏՈՐ , ՃԱՐՏԱՍԱՆ , որոնք իրենց նախորդներէն տարբեր ուղղութիւն որդեգրեցին ․․․․․

Այսպէս ,անոնք բազմաթիի թարգմանութիւններ կատարեցին յունարէնէ , բայց ոսկեդարու թարգմանութիւններէն բոլորուին տարբեր մեթոտով ․․

ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ կիրարկած է յունարէնին վրայ ձեւուած խրթին , դժուար հասկնալի հայերէն մը ․․որ հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ ծանօթ է Յունաբան կամ Հելլենաբան հայերէն կոչումով․․...․

ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ Ծնած է Տարօն կամ Հարք 470։ Ան հայ ժողովուրդի պարծանքներէն մէկն է, իր իմաստասիրական լայն ու խոր հմտութեամբ,իր միջազգային ու ազգային ազդեցութեամբ; Ան քերականական եւ շարահւիսական կանոններ որդեգրած է , բարդ եւ ածանցաւոր բառեր․ նախադաս եւ յետադաս մասնիկներու յաւելումով ․իրեն կը վերագրուի Սուրբ խաչի նուիրուած ճառ մը «ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ Ի ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸՆԿԱԼ» տիտղոսով , գրուած մասնաւոր խնդրանքով ․իսկ իմաստասիրական ինքնուրոյն գործերէն Դաւիթ Անյաղթի հեղինակութիւններն են

  1. Սահմանք Իմաստասիրութեան ․
  2. Վերլուծութիւն ներածութեան ՊորփիւրԻ ․
  3. Մեկնութիւն ի Վերլուծականն Արիստոտէլի ․
  4. Մեկնութիւն Ստորոգութեանց Արիստոտէլի ․

Դաւիթ Անյաղթ ինջեւ վաղ ծերութիւն Հայաստանէն դուրս ապրած է եւ իր իմաստասիրական գործերը գրած է յունարէն լեզուով ․․ Ան ունեցած է բուռն հակառակորդներ , որոնց հալածանքէն խոյս տալու համար քաշուած է հիւսիսային Հայաստան Հաղբատ եւ հոն ալ վախճանած շուրջ 550 - 560 ի մէջ ․․իր գործերը հայերէնի վերածած է Հայաստան վերադարձին , անձնապէս կամ աշակերտներու միջոցաւ ․․․․․․․․