Մասնակից:Խանճեան/Ավազարկղ 01

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Հայ Գրականութիւնը Կիլիկեան Շրջանին

Միջավայրը[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հայ գրականութիւնը ժողովուրդին հետ գաղթեց Կիլիկիա. Մեծ Հայաստանի մէջ քիչ ներկայացուցիչներ մնացին: Կիլիկիա աւելի նպաստաւոր միջոցներ ստեղծեց հայ գրողին: Կիլիկիացի գրողը գաղափարի, ոճի եւ նիւթի կենսական փոփոխութիւնը կրեց ազդուելով ծովէն, եւրոպացիներէն եւ ապրելակերպի նոր պայմաններէն: Ռուբինեան եւ Հեթումեան թագաւորները դրամով եւ բարոյեական օգնութեամբ ճշմարիտ մեկենասներ եղան, մասնաւորապէս Լեւոն Բ.ը:

Գրականութեան նիւթն ու ձեւը[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Կիլիկեան գրողները թէպէտ չկրցան գրաբառի գեղեցկութեամբ ոսկեդարուն հասնիլ, սակայն անոնք բաւական մխքուր լեզու գործածեցին: Այս գրականութիւնը թէպէտ մեծ մասով կրօնական նիւթեր կը շօշափէ, սակայն մեծ ուշադրութիւն դարձուցին որ արդիական նիւթեր ալ մշակուին, այսպէս ունեցանք առակագիրներ, բանաստեծներ, իրաւագիտութեամբ զբաղողներ, բժշկութեան վրայ գրողներ: Գրելու ձեւն ալ փոխեցին, ջանալով աւելի ճշգրիտ ու պարզ ըլլալ, ինչպէս ոսկեդարուն մէջ: Կիլիկեան շրջանին շատ աւելի հարոգտ եղաւ նիւթերու զանազանութեամբ՝ քան թէ ոսկեդարունը. հեղինակները թարգմանելէ աւելի՝ իրենք կը գրէին: Կիլիկիոյ մէջ գրաբառին հետ սկսաւ զարգանաք ժողովրդական խօսուած լեզուն, այս նոր լեզուով ալ գրողներ եղան մասնաւորապէս առակներ, գիտական երկիր եւ քերթուածներ գրեցին:

Գրական կեդրոններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ինչպէս Մեծ Հայաստանի մէջ, Կիլիկիոյ գրականութիւնն ալ ծաղկեց վանքերու հովանիին տակ: Գրական մեծ վառարններ եղան Հռոմկլան: Դրազարկ, Արքայակաղնի, Սկեւռա, Գռներ, Ակներ՝ գիտութեան իսկական վառարաններ եղան: Այսօր մեր ձեռքը հասած ձեռագիրներունմեծ մասը կիլիկիայէն մնացած են: Կիլիկեան շրջանը նշանաւոր է նաեւ իր Մանրանկարչութեամբ: Այս արւեստին ամէնէն մեծ վարպետներն եղան Կոստանդին, Թորոս Ռոսլին եւ Սարգիս Պիզակ:

Հեղինակներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  1. Գրիգոր Մագիստրոս, Գրած է շատ մը կարեւոր նամակներ, ըրած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ: Իր որդին՝ Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսը, գրեց սուրբերու վարքեր եւ յիշատակարաններ:
  2. Ս. Ներսէս Շնորհալի, (1102-1173, Ծովք դղեակի), եղաւ եկեղեցական բանաստեղծ, զարդարեց շարականոցը բազմաթիւ ոտանաւորներով, ինչպէս Առաւոտ Լուսոյ, Աշխարհ ամենայն, Զարթիքները, Նայեաց սիրով, Այսօր անճառ, Վարդանանց շարականը Նորահրաշ պսակաւոր: Նաեւ գրած է Յիսուս որդի, Ողբ Եդեսիոյ: Ունի Ընդհանրական Թուղբ մը, Ներբողներ, Մեկնութիւններ ու Հանելուկներ:
  3. Ս. Ներսէս Լամբրոնացի, (1153-1199), 23 տարեկանին Տարսոնի արքեպիսկոպոս եղաւ: Թագաւորներու կողմէ ստէպ պատգամաւոր գնաց Պոլիս, Կիպրոս: Գրած է Ճառեր, Մեկնութիւններ, Թուղթեր, Քերթուածներ: Նշանաւոր է իր Պատարագի մեկնութիւնը:

Կիլիկեան ուրիշ հեղինակներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Այս հեղինակներէն զատ Կիլիկիա տուած է բազմաթիւ գրողներ, ինչպէս՝

Մեծ Հայաստանի Հեղինակներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Նշանաւոր եղան՝

Աղբիւր[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  • Պատմութիւն Հայոց, 5, Էջ 305 306 307 308