Կաղապար:Օրվա հոդված/Օգոստոսի 3, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Միւռոնի Կաթսայ
Միւռոնի Կաթսայ

Սուրբ Միւռոն Սրբազան ու սրբալոյս նիւթ մը, որ յատուկ օրհնութեամբ կը պատրաստուի կաթողիկոսներու ձեռքով: Միւռոնի գլխաւոր նիւթն է ձէթը, որուն կը խառնուի չափաւոր քանակութեամբ բալասան, եւ քառասուն տեսակի հոտաւէտ խունկերու, փայտերու եւ բոյրերու խառնուրդով նիւթ մը: Անուշաբոյր իւղերու այս բաղադրութիւնը, կը գործածուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ընթացքին։

Իւղով օծուելու սովորութիւնը կանուխ դարերէն ի վեր կիրարկած են հին ցեղախումբեր: Հին Ուխտի ժողովուրդին մօտ ատիկա արդէն տարածուած սովորութիւն էր, երբ անոնք իւղով կ'օծէին յատկապէս այն անձերը, որոնք... Ավելին