Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 3, 2012 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Դանիել Վարուժան
Դանիել Վարուժան

Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքքարեան) (Ապրիլ 20, 1884 - Օգոստոս 26, 1915), 20-րդ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ։ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը։

Վարուժանի կեանքը թեպետ ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւններ։ Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերոնւ հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը։ Այս իրողութիւնը խոստովանած է նաեւ ինքը։ Խօսելով նաեւ վերածնունդի շրջանի իտալական եւ ֆլամանական արուեստէն կրած ազդեցութեան մասին, Վարուժան միաժամանակ յատկապես կ՛ընդգծէ, որ իր վրձինը թաթախած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիրի» եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։

Դանիէլ Վարուժան ծնած է 1884 թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։ Ան հասակ առած է գեղեցիկ բնութեան մը մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ։ Գիշերները մայրը անոր պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող իր հօր մասին և անոր երեւակայութիւնը բորբոքած է թուրք ենիչերիներու մասին ըրած պատմություններով։ Բնութենէն ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են նաեւ կեանքի վիշտերը շարունակել...