Կաղապար:Օրվա հոդված/Մայիսի 20, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ռումտիկին
Ռումտիկին

Ռումտիկին, գիւղ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։

Ռումտիկին կը գտնուի Կեսարիոյ Հիւսիսային կողմը։ Գիւղը շինուած է Ղալէ կոչուած բլուրի մը ստորոտը։

Լերկ լեռնաշղթաներով շրջապատուած այս գիւղը կը բաժնուի գլխաւոր երկու մասերու՝ արեւելեան եւ արեւմտեան։ Ռումտիկին զինք շրջապատող գիւղերուն մեծագոյնն էր։ Չորս կողմէն շրջապատուած էր թրքական գիղերով, որոնք կը գտնուէին մէկ - երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ։

Շրջակայ թուրք գիւղերու բնակիչները իրենց կարիքները ապահովելու համար, Ռումտիկին կու գային։

Ռումտիկինի արեւելեան, հիւսիս եւ հարաւ արեւելեան կողմերը մացառոտ անտառներ են, իսկ արեւմտեան, հիւսիս եւ հարաւ արեւմտեան կողմերը ծածկուած են դաշտերով եւ արօտավայրերով։ Դաշտային մասը կ'երկարի... Ավելին