Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 9, 2016 թ.
![Անանիա Շիրակացի](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/7/71/AM_100_dram_Ag_2005_Shirakatsi_b.png)
Անանիա Շիրակացի (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), Է. դարու հայ գիտնական։ Առաջին հայը,որ կայուն հիմքերու վրայ կը դնէ ճշգրիտ գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի մէջ։
Անանիա Շիրակացի, որ յայտնի է համարող (մաթեմաթիկոս) մականունով, հայ մատենագրութեան ականաւոր դէմքերէն մէկն է. բնական գիտութիւններու հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ: Շիրակացիէն մեզի հասած է իր ինքնակենսագրականը, ըստ որուն ան ծնած է պատմական Շիրակ գաւառի Անի աւանը, Է. դարու սկիզբը: Շիրակացի, Դպրեվանքի դպրոցին մէջ կը ստանայ նախնական կրթութիւն, սորվելով հայերէն եւ յունարէն լեզուները, քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Բայց ան համոզուած էր, որ ամէն ինչի հիմքը թիւերն են, իսկ համարողական արուեստը կը համարէր բոլոր գիտութիւններու հիմքը: Այդ օրերուն աշխարհի մէջ հմուտ մասնագէտներն ու ուսուցիչները շատ քիչ էին, գիտելիքները խորացնելու միակ միջոցը ճամբորդելն էր: Առ այդ, ան արտասահմանի մէջ կ'ապրի 11 տարի, որուն ութն՝ յոյն նշանաւոր գիտնական Տիւքիկոս Բիւզանդացիի դպրոցին մէջ: Ուսուցիչին հարուստ գրադարանը Շիրակացիին համար կը դառնայ երկրորդ ուսումնարան: Ան, բացի թուաբանութենէն, կ'ուսումնասիրէ... Ավելին⇒