Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 18, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն, հիմնուած Կ. Պոլիս 5 Յունիս, 1847, հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան։

Հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան, Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ առաջին հայ Քարտինալ՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ:1840-ական թուականներուն կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» միաբանութիւն մը, որու հիմնական նպատակ էր դաստիարակել հայ համեստ դասակարգի իգական սեռի միտքն ու հոգին քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքներով։ Այս բարենպատակ ու ազգօգուտ ծրագիրը կ’իրականացնէ գործակցութեամբ՝ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի, որ իր կեանքը նուիրած էր բարեսիրական գործերու, եւ իբրեւ «տան մայրապետ»՝ զբաղած աղքատ փոքրիկներու կրթութեամբ։ 9 Դեկտեմբեր, 1847-ին, Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերու հետ միասին կ’ուխտեն՝ հնազանդութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ խոնարհ կեանքով նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան։ Այսպիսով սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը:

Միաբանութիւնը ճանչցուած, վաւերացուած եւ հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կոնդակով՝ 5 Յունիս, 1847-ին, իսկ Քահանայապետական Կոնդակով... Ավելին