Կաղապար:Օրվա հոդված/Ապրիլի 29, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Արշալոյս Մարտիկանեան
Արշալոյս Մարտիկանեան

Օրորա Արշալոյս Մարտիկանեան, ան Ամերիկահայ գրագէտ, դերասանուհի եւ Հայկական Ցեղասպանութենէ վերապրող կին մըն էր։

Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։

Ան ականատես դարձած է իր ծնողներուն սպանութեան, կորսնցուցած քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը վաճառուած է գերիներու շուկան (առեւանգուած եւ ծախուած է իբրեւ գերի Անատոլիոյ մէջ) եւ ստիպուած որոշ ժամանակ մը մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է Էրզրում, որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Փախչած է Թիֆլիս (Վրաստան), որմէ ետք անցած է Ս. Փեթերսպուրկ, ապա՝ Օսլօ, այնուհետեւ Արշալոյս յաջողած է հասնիլ Միացեալ Նահանգներ՝ Նիւ Եորք․․․ Ավելին