Կաղապար:Օրվա հոդված/Ապրիլի 22, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ծիծեռնակաբերդ
Ծիծեռնակաբերդ

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտում, պնդումներ` որոշ երկիրներու մէջ արգիլուած, որոնց համաձայն Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած եւ կամ հայերու կոտորածները չեն կրած պետականօրէն կազմակերպուած բնոյթ։ Այս տեսակէտը, որ մասնաւորապէս կը պաշտպանուի Թուրքիոյ կողմէ, բազմիցս քննադատուած է պատմաբաններու եւ ցեղասպանութեան մասնագէտներու ճնշող մեծամասնութեան կողմէ, որպէս զուտ քաղաքականօրէն պատճառաբանուած կեղծ-պատմագիտական թեզ։

Հայոց ցեղասպանութեան` որպէս Ի. դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը նոր հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ մարդկութեան դէմ՝ ապագային նորանոր ոճիրներու իրականացման համար, ուստի հայութեան եւ համայն յառաջադէմ մարդկութեան առջեւ կը ծառանայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կանխելու եւ թոյլ չտալու պատասխանատու խնդիրը։ Արժանթինը, Զուիցերիան եւ Ուրուկուէյը օրէնքներ ընդունած են, որոնցմով պատասխանատուութիւն սահմանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար։ 2006Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքին համաձայն, Սենատի եւ նախագահի վաւերացումէն ետք, թոյլ կը տրուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դիտարկել որպէս յանցագործութիւն։ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար, քրէական պատասխանատուութեան մասին օրինագիծ մը կը պատրաստուի ընդունիլ նաեւ... Ավելին