Կաղապար:Օրվա հոդված/Ապրիլի 21, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ծիծեռնակաբերդ
Ծիծեռնակաբերդ

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, կառուցուած՝ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդ բլուրին վրայ։ Հեղինակն է՝ ճարտարապետ Արթիւր Թարխանեան, (Սաշուր Քալաշեանի համահեղինակութեամբ) ։

Ըստ աւանդութեան, բարձունքը «Ծիծեռնակաբերդ» անունը ստացած է հոն ապրող ծիծեռնակներէն, որոնք ատենին կ'օգնէին հեթանոս աստուածներուն՝ Վահագնին ու Աստղիկին, իրարու լուրեր փոխանցելու։

ՀԽՍՀ կառավարութեան որոշումով Երեւանի մէջ՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 1965-1967 կանգնած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր մը։ Հրապարակին մէջ կառուցուած է յիշատակի դահլիճը եւ վերածնունդի կոթողը։ Յուշարձանի լուծումը պարզ է եւ արտայայտիչ։ Յիշատակի դահլիճը տասներկու թեքադիր մոյթերով պարփակուած տարածութիւն է. կեդրոնը՝ զոհերու յիշատակի յաւերժական կրակը։ Մոյթերը ստորին մասերով իրարու կը մօտենան աստիճաններով, որոնք բոլոր կողմերէն դահլիճ կ'իջնեն, ուր յաւերժական կրակին խոնարհած «վշտագին» մոյթերու շրջապատը կը համակէ... Ավելին