Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունվարի 6, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը
Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը

Սուրբ Ծնունդ (Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար՝ Սուրբ ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, յուն.՝ Ή κατά σάρκα Γέννησις τού Κυρίου καί Θεού καί Σωτήρος ημών Ιησού Χριστού), քրիստոնէական գլխաւոր տօներէն մէկը, որ կը նշուի ի պատիւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ ծնունդ տալը՝ Յիսուս Քրիստոսի։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննեան տօնը կը նշէ Յունուար 6-ին։ Կաթողիկէ եկեղեցին այդ տօնը կը նշէ Դեկտեմբեր 25-ին։

Մինչեւ 4-րդ դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են Յունուար 6-ին։ Սակայն քրիստոնեութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռոմեացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշանակել։ Բանն այն է, որ ‎Դեկտեմբեր 25-ին մեծ շուքով կը նշուէր արեւի պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336 թուականին Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը պաշտօնապէս հռչակեց Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի մէջ եւ գրեթէ արեւելքի մէջ Քրիստոսի Ծննդեան տօնի օրը փոխադրուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Յունուար 6-ը մնաց որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ... Ավելին