Կաղապար:Շաբաթվա հոդված/Շաբաթ 46, 2018 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ
Ռուսական Կայսրութեան դրօշը 1914-1917 թուականներուն
Ռուսական Կայսրութեան դրօշը 1914-1917 թուականներուն

Ռուսական կայսրութիւն (ռուս. նախահեղ.՝ Россійская Имперія, ռուս.՝ Российская империя), կայսրութիւն, որ հիմնադրուած է 1721–ին եւ գործած է մինչեւ Ռուսաստանի հանրապետութեան հռչակումը Ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ, որու իշխանութիւնը սկսած է Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք։

Համաշխարհային պատմութեան մէջ Ռուսական կայսրութիւնը եղած է ամենամեծ կայսրութիւններէն մէկը, որ իր չափով միայն Անգլիական եւ Մոնկոլական կայսրութիւններուն կը զիջէր ։

Ռուսական կայսրութեան ընդարձակումը տեղի կ'ունենայ դրացի կայսրութիւններու հաշուոյն` որոնցմէ են Շուետական կայսրութիւնը, Ռեճ Փոսփոլիթան, Պարսկաստանը եւ Օսմանեան կայսրութիւնը։ Այս մէկը մեծ դեր կը խաղայ 1812-1814 թուականներուն Նափոլէոն Պոնափարթը պարտութեան մատնելու մէջ։

Ռոմանովները Ռուսական կայսրութեան վրայ կ'իշխեն 1721-1762 թուականներուն, իսկ անոր գերմանական ծագում ունեցող ճիւղը` Հոլշթայն-Հոտտորպ-Ռոմանով հարստութիւնը՝ 1762–էն սկսեալ։ Դարու սկիզբը Ռուսական կայսրութեան տիրոյթները կը տարածուէին Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսէն մինչեւ Սեւ ծով, Պալթիք ծովէն Խաղաղական ովկիանոս եւ (մինչեւ 1867) Ալասքա։

1897-ի մարդահամարով, Ռուսական կայսրութեան մէջ կ'ապրէր... Ավելին