Վիքիպեդիա:Ուիքի դասընթացք-հաւաք 2018

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Ուիքի դասընթացք-հաւաք
Ծաղկաձոր 2018


Դասընթացք   Մասնակիցներ   Նիւթեր   Ստեղծուած յօդուածներ   Օրակարգ   Նկարներ

«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել, համացանցէն ներս, հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը՝ յատկապէս Ուիքիփետիայի եւ քոյր Ուիքի նախագիծերու օգնութեամբ, ««Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, Յունիս 25-30, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամի աջակցութեամբ կը կազմակերպուի Ուիքի դասընթացք-հաւաք՝ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար:

Դասընթացքը նպատակ ունի «Ուիքիփետիա»յի համակարգողներ պատրաստել սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»յի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը։ Մէկ շաբթուան տեւողութեան մասնակիցները պիտի ծանօթանան «Ուիքիփետիա»յի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն։