Վիքիպեդիա:Ուիքի Ճամբար Ֆրանսա 2017/Ուիքի Ճամբար

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Ուիքի Ճամբար Ֆրանսա

Ուիքի Ճամբար   Մասնակիցներ   ժամանակացոյց   Աշխատանքի օրեր   Նիւթեր   Տպաւորութիւններ

Ուիքի Ճամբարը «Վիքիմեդիա Հայաստան» կազմակերպութեան կողմէ յղացուած ու հետեւողականօրէն իրականցուող կրթական ծրագիր մըն է, որ կը միտի պատանիներ ու երիտասարդներ քաջալերել եւ օգնել անոնց, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն Ուիքիփետիայի խմբագրական աշխատանքներուն: «Վիքիմեդիա Հայաստան»ը մինչեւ այսօր տասներկու Ուիքի Ճամբար կազմակերպած է։ «Վիքիմեդիա Հայաստան»ի այս նախաձեռնութիւնը «Ուիքիմանիա 2014»-ին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս տարուան ամէնէն յաջող ու համակրելի ծրագիրը:

Այս տարի Ֆրանսայի Ուիքի Ճամբարին կը մասնակցին արեւմտեան եւ արեւելեան Եւրոպայէն, Թուրքիայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն՝ 16-25 տարեկան երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն ունին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան զարգացնելու: Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն մասնակիցներուն ընտրութիւնը եղած է անոնց արդէն իսկ կատարած ներդրումներուն հիման վրայ:

Ուիքի Ճամբարի առօրեան կ՚ընդգրկէ նախ՝ չորս ժամ խմբագրական աշխատանք, մարզական խաղերով ընդմիջուած: Օրուան երկրորդ կէսին՝ մասնակիցները մտային խաղեր, բանավէճեր, կամ երաժշտական ելոյթներ կը կազմակերպեն եւ հայկական երգեր ու պարեր կը սորվին: