Վիքիպեդիա:Ուիքի Ճամբար Փորթուկալ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
ՈՒԻՔԻ ՃԱՄԲԱՐ, ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ, 2016


Վիքիմեդիա Հայաստանի Ուիքի Ճամբարը, 2016

«Վիքիմեդիա Հայաստան»ի կողմէ կազմակերպուած հերթական «Ուիքի Ճամբարներ»ու շարքին՝ այս տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ Փորթուկալի մէջ տեղի պիտի ունենայ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման նուիրուած Ուիքի Ճամբար մը։ Նախատեսուած թուականները՝ Օգոստոս 17էն 26։ Վայրը՝ Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնէն մէկ ժամ հեռու գտնուող գեղեցիկ գիւղաքաղաք մը, Քատաւալ անունով, եւ հոն՝ կանոնաւոր կերպով գործող արձակուրդի եւ զբօսանքի կայանը, որուն նախաճաշակը տրուած է հետեւեալ կայքէջին վրայ՝ Campo de Férias do Cadaval։

«Ուիքի Ճամբար»ը Վիքիմեդիա Հայաստան կազմակերպութեան կողմէ յղացուած ու մէջտեղ բերուած կրթական ծրագիր մըն է, որուն նպատակը՝ պատանիներ ու երիտասարդներ քաջալերել եւ օգնել է, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն հայալեզու Ուիքիփետիայի խմբագրական աշխատանքներուն: Վիքիմեդիա Հայաստանը մինչեւ այսօր եօթը «Ուիքի Ճամբար» կազմակերպած է, վեցը՝ Հայաստան, եւ մէկը՝ Լիբանան։ Վիքիմեդիա Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը «Ուիքիմանիա 2014»ին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ որպէս տարւոյն ամենէն յաջող ու համակրելի ծրագիրը: Ճամբարներու ծախսերը կը հոգան Վիքիմեդիա Հիմնադրամը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը:

Այս տարի Փորթուկալի մէջ կայանալիք «Ուիքի Ճամբար»ին կրնան մասնակցիլ արեւմտեան եւ արեւելեան Եւրոպայէն, Թուրքիայէն եւ Միջին Արեւելքէն՝ 16էն 25 տարեկան երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն ունին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան զարգացնելու: Հայաստանէն եւ Լիբանանէն մասնակիցներու ընտրութիւնը պիտի ըլլայ անոնց արդէն իսկ կատարած ներդրումներու հիման վրայ:

«Ուիքի Ճամբար»ի առօրեան կ՚ընդգրկէ նախ՝ չորս ժամ խմբագրական աշխատանք, մարզական խաղերով ընդմիջուած: Օրուան երկրորդ կէսին՝ մասնակիցները մտային խաղեր, բանավէճեր, կամ երաժշտական ելոյթներ կը կազմակերպեն եւ հայկական երգեր ու պարեր կը սորվին: Ամէն օր՝ կ՚ընտրուին օրուան լաւագոյն խմբագիրն եւ լաւագոյն յօդուածը, իսկ ճամբարի վերջաւորութեան՝ Ուիքիփետիայէն ներս ներդրման լաւագոյն նիշերն ունեցող երիտասարդները կը հրաւիրուին Հայաստան տեղի ունենալիք յաջորդ «Ուիքի Ճամբար»ին:

Դիմել փափաքողներէն կը խնդրուի լեցնել հետեւեալ հարցաթերթիկը: Նախ ներբեռնել հարցարանը, ապա՝

  1. ձեռամբ լրացնել հարցաթերթիկը,
  2. «scan» ընել,
  3. ղարկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին՝ aznivstepaniangmail.com:

Ընտրուողներուն ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը կը հոգայ Վիքիմեդիա Հայաստանը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել՝
Վիքիմեդիա Հայաստան
Հասցէ՝ 0023 ք. Երեւան, Արշակունեաց 2ա, 4-րդ յարկ, հեռ.՝ (+37493) 11-88-00
Ելեկտրոնային հասցէ՝ infowikimedia.am


Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ բազմալեզու հանրագիտարան մըն է, ուր ամէն մարդ հնարաւորութիւնը ունի ազատօրէն միջամտելու։ Ուիքիփետիան եւ քոյր նախագիծերը համացանցին վրայ ամենէն շատ այցելուած հինգ կայքերէն են: Ուիքիփետիան օրական միլիոնաւոր ընթերցողներ ունի, եւ հարիւր հազարաւոր կամաւոր խմբագիրներ աշխարհի բոլոր անկիւններէն: Շատ մը զարգացած երկիրներու մէջ՝ Ուիքիփետիան եւ Ուիքի անունը կրող քոյր նախագիծերը դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսումնական ծրագիրին պարտադիր մաս կը կազմեն: Ուիքիփետիան որակաւոր կրթական նիւթեր ստեղծելու եւ հայերէնը (այս պարագային՝ արեւմտահայերէնը) իր լման բազմազանութեամբ համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու սքանչելի միջոց մըն է: Նաեւ մասնակցող երիտասարդներուն համար լաւ առիթ մըն է զիրենք հետաքրքրող նիւթերուն մասին հայերէնով գրելու, խմբային փորձառութիւն ձեռք ձգելու, եւ զանազան տեղերէ եկած նոր ընկերներու հետ բարեկամութիւն հաստատելու։