Վիքիպեդիա:Ուիքիփետիայի «Դասընթացք-հաւաք» 2017

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
ՈՒԻՔԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ-ՀԱՒԱՔ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, 2017

10-17 Յուլիս 2017-ին, «Վիքիմեդիա Հայաստան»ը սփիւռքի ուսուցիչներու, լրագրողներու եւ հետաքրքրուող անհատներու համար Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ զարգացման ծրագիրի շրջանակներէն ներս կը կազմակերպէ Ուիքիփետիայի «Դասընթացք-հաւաք» մը։

Ուիքի «Դասընթացք-հաւաք» 2015

Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ բազմալեզու առցանց հանրագիտարան է, ուր կը ստեղծուին զանազան նիւթերով յօդուածներ՝ ազատ խմբագրման ձեւաչափով։ Ներկայիս Ուիքիփետիան համացանցային բովանդակութիւն տրամադրող կայքերու լաւագոյն հնգեակին մաս կը կազմէ:

«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցին մէջ հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը (յատկապէս Ուիքիփետիայի եւ քոյր Ուիքի նախագիծերու օգնութեամբ) «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, 10-17 Յուլիս, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ, կը կազմակերպէ «Դասընթացք-հաւաք» մը:

Դասընթացքը Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ զարգացման ծրագիրին շարունակութիւնն է։ Անիկա նպատակ ունի Ուիքիփետիայի համակարգողներ պատրաստել սփիւռքի մէջ, որոնք իրենց օժանակութեամբ պիտի զարգացնեն Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան եւ պիտի տարածեն Ուիքիփետիայի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը սփիռքի տարածքին։ Ողջ շաբթուան ընթացքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան Ուիքիփետիայի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրման գործիքներուն (ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու աշխատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու «Ուիքի»-ի աշխատանքի արհեստավարժութեան)։

Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Աղուերանի մէջ (Հայաստան)։ Ժամանակամիջոց՝ 10 - 17 Յուլիս, 2017։ Հետաքրքրուաղները կրնան դիմել ամբողջացնելով հետեւեալ հարցաթերթիկը։

Դիմելու ժամկէտը կը սկսի 20 Ապրիլին եւ կը լրանայ 15 Մայիսին: «Ուիքի դասընթացք»ի կազմակերպչական կազմը, ընտրութիւն կատարելէ ետք, Ձեզի հետ կը կապուի մինչեւ 20 Մայիս 2017 (ե-նամակով)։

Կեցութեան ծախսերը կը հոգայ Վիքիմեդիա Հայաստանը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել՝
Վիքիմեդիա Հայաստան
Հասցէ՝ 0023 ք. Երեւան, Արշակունեաց 2ա, 4-րդ յարկ, հեռ.՝ (+37493) 11-88-00
Ելեկտրոնային հասցէ՝ infowikimedia.am

Արտաքին յղումներ[խմբագրել կոդը]

Տեսերիզ