Վիքիպեդիա:Ուիքի դպրոց-հաւաք 2018/Դասընթացք
«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել, համացանցէն ներս, հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը՝ յատկապէս Ուիքիփետիայի եւ քոյր Ուիքի նախագիծերու օգնութեամբ, ««Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, Օգոստոս 27էն Սեպտեմբեր 1, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամի աջակցութեամբ կը կազմակերպուի Ուիքի դասընթացք-հաւաք։
Դասընթացքը նպատակ ունի «Ուիքիփետիա»յի համակարգողներ պատրաստել սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»յի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը։ Վեց օրուան տեւողութեան մասնակիցները պիտի ծանօթանան «Ուիքիփետիա»յի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն։