Մասնակից:Tsoler Abajian/Ավազարկղ 01

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Հաթթը Հումայուն (կայսերական գիր)[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Օսմանեան կայսրութեան հրովարտակը ստորագրուած՝ սուլթան Ապտուլ Մէճիտի կողմէն,1856 Փետրուար 18-ին: Այս հրովարտակով նպատակ ունէին բարելաւել ոչ մահմետական ժողովուրդներու վիճակը: Հրապարակուած է 1853-1856 թթ. Ղրիմի պատերազմէն ետք, Անգլիոյ եւ Ֆրանսիոյ պարտադրանքով, որոնք կ'ուզէին կանխել Փարիզի հաշտութեան բանակցութիւններու ընթացքին Ռուսիոյ միջամտութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներուն իրաւունքներուն պաշտպանման համար:

Հաթթը Հումայունը կրկնութիւնն էր Հաթթը Շէրիֆին,աւելի ընդարձակ եւ մանրամասնութեամբ: Հաթթը Հումայունը փոփոխութիւններ չմտցուց Թուրքիոյ բռնակալական վարչակարգի էութեան մէջ, կը պահպանէր ոչ մահմետական բնակչութեան իրավազրկութիւնը: Ազգային փոքրամասնութիւններուն շնորհած հրամանագրերէն առանձին սահմանափակումներով և խոչընդոտներով իրականացուեցան միայն կրօնական համայնքներուն վերաբերող կանոնադրութիւնները, քրիստոնէաբնակ առանձին նահանգներուն տրուած ներքին ինքնավարութեան արտօնութիւնները (Կրէտէ կղզի, «Լիբանան լեռ», Սամոս կղզի, Աֆոնի լեռ)։

Հաթթը Շէրիֆ (սրբազան գիր)[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

1839 Նոյեմբեր 3-ին, Կոստանդնուպոլսոյ սուլթանական պալատին Կիւլհանէ կոչուած պարտէզին մէջ հրապարակուած կայսերական հրովարտակը: Հաթթը շէրիֆը սկիզբ առած է Թանզիմաթի ժամանակաշրջանին։ Հրապարակուածլ է քաղաքական, տնտեսական և ֆինանսական ճգնաժամէն ազատելու եւ յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ գտնուող ժողովուրդներուն ազգային-ազատագրական շարժումները կանխելու պատճառով: Հաթթը շէրիֆի հեղինակը Մուսթաֆա Ռէշիդ փաշան էր։ Ան եւ անոր կողմնակիցները այս հրովարտակով կը ձգտէին եւրոպական պետութիւններուն վստահութիւնը շահիլ եւ թոյլ չտալ անոնց միջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն: Հաթթը շէրիֆով թուրք կառավարութիւնը կը խոստանար Օսմանեան կայսրութեան բոլոր հպատակներուն կեանքի, պատուի եւ ունեցուածքի ապահովութիւն, հարկերու արդար բաշխում և գանձում, մաքսատան համակարգի վերացում: Հաթթը շէրիֆի եւ յետագային անոր վրայ հիմնուած շարք մը օրէնքներու հրապարակումը էական փոփոխութիւններ չստեղծեց երկրի տնտեսական եւ ընկերային կեանքին, չվերցուեցան մահմետականներու եւ ոչ մահմետականներու ահավասարութիւնները: