Մասնակից:Betty Kilerjian/Շնչադադար-Շնչականգառ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Շնչադադար կամ շնչականգառ կը նշանակէ շնչառութեան դադրիլը, կենալը, կասեցումը, կանգ առնելը: Շնչականգառի մասին խօսելէ առաջ, պէտք է անդրադառնանք շնչահեղձութեան (dyspnea) մասին, որ կը նշանակէ շնչառութեան դժուարութիւն: Անիկա ենթակայական (subjective) ախտանշան մըն է: Շնչականգառը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ շնչահեղձութենէն ետք:

Շնչահեղձութիւն կը պատահի բնականօրէն ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ, յոգնութենէ եւ մարզանքէ ետք: Անիկա մտահոգիչ կը դառնայ, երբ պատահի վերոյիշեալ պայմաններէն դուրս եւ վերածուի ախտաբանական երեւոյթի, որուն տարողութիւնը կախեալ է անոր ախտապատճառներուն տեսակէն, որակէն եւ չափէն:

Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը յառաջանայ գոյութեամբը շնչառական համակարգի վերի եւ վարի բաժիններու հիւանդութիւններուն եւ ախտաբանական երեւոյթներուն, որոնք կը յառաջացնեն շնչառական համակարգի մասնակի կամ ամբողջական խցում:

Վերի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններէն եւ ախտաբանական երեւոյթներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝ քիթի միջնորմի (septum) ծռութիւն, պողիպներ (polyps), վատորակ ուռեր, քիթի յետսամասի ոսկրային ընդոծին խցում (choanal atresia), քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids), լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, ըմբանի ծաւալած նշիկներ (tonsils), պալար, լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, խռչափողի ձայնալարային ուռեր եւ անդամալուծութիւն, խռչափողի աճառային թուլութիւն (laryngomalacia), խռչափողի ընդոծին թաղանթ, մղձկահազ (croup), կեղծմաշկ (diphtheria), շնչափողի աճառային թուլութիւն (tracheomalacia), մակալեզուի բորբոքում (epiglottitis), հարբուխ եւ կռիփ (influenza), ձայնալարերու խլիրդ ինչպէս նաեւ օտար մարմիններու ներշնչում:

Վարի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններն ու ախտաբանական երեւոյթներն են՝ ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (bronchiolitis), ցնցղակծկում (bronchial spasm), թոքատապ (pneumonia), թոքային անօթախցում (pleural embolism), փքուռոյց (emphysema), մնայուն շնչարգելք (asthma), թոքի եւ թոքապատեանի միջեւ օդի կուտակում (pneumothorax), թոքի ջրուռեցք (pleurisy), օտար մարմիններու եւ թունաւոր կազերու ներշնչում, թոքի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, մթնոլորտային եւ միջավայրի ապականում՝ փոշի, թունաւոր կազեր, բեղմնափոշի (pollen), ինչպէս նաեւ ծխախոտի գործածութիւն:

Ախտաբանական շնչահեղձութիւն կը յառաջանայ նաեւ սիրտի հիւանդութիւններու պատճառաւ, օրինակ՝ սիրտի պսակաձեւ զարկերակներու (coronary artery) խցում եւ սիրտի կաթուած (MI, myocardial infarction), փորոքային բլթակներու արատներ (ventricular valvular defects), սրտապարկային զեղում (pericardial effusion), սրտապարկաբորբ (pericarditis), սիրտի ընդոծին թերութիւններ ու սիրտի բաբախումի անկանոնութիւններ (arrhythmias): Անոր պատճառներէն են նաեւ՝ սակաւարիւնութիւն (anemia), հոգեբանական, յուզական, զգացական եւ ջղային կացութիւններ, կոտրուած կողոսկր (rib), գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), քունի շնչադադար (sleep apnea), գերզգացական ցնցակաթուած (anaphylactic shock), որ կը յառաջանայ՝ ենթակայ ըլլալով որոշ սննդանիւթերու, միջատի խայթուածքի, կարգ մը դեղերու, ինչպէս նաեւ գիրութիւն-Ճարպակալում, յղութիւն, որովայնային ջրուռեցք (ascitis) եւ ստամոքսաին աղեթափութիւն (hiatal hernia):

Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը զարգանայ երկու ձեւերով՝ անակնկալ-սուր եւ դանդաղ յառաջընթաց:

Շնչականգառ կը պատահի ախտաբանական շնչահեղձութեան յարաճուն (progressive) վատթարացումով կամ անակնկալ ցնցղակծկումով (bronchial spasm), օտար մարմինի մը եւ թունաւոր կազերու ներշնչումով:

Շնչականգառ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն առաւելաբար տարեցներու եւ մանուկներու մօտ: Տարեցներու շնչականգառը հետեւանքն է ախտաբանական շնչահեղձութեան վատթարացումին: Իսկ մանուկներու շնչականգառը կը պատահի առաւելաբար օտար մարմիններու ներշնչումով:

Մանուկներու շնչականգառի ախտանշաններն են՝ շնչառութեան բացակայութիւն, թոքային շնչասլոց (stridor), խօսելու, ձայնարկելու կամ պոռալու անկարողութիւն, կապտութիւն (cyanosis), անգիտակցութիւն եւ մահաքուն: Այս բոլորը շատ հաւանաբար հետեւանքն են շնչառական համակարգի վերին բաժինին խցումը՝ օտար մարմինով մը կամ շնչուղիի (respiratory tract) ներքին խլնաթաղանթին (mucous membrane) անակնկալ ուռիլը՝ գերզգայնութեան պատճառով կամ ներշնչուած թունաւոր կազերով:

Մանուկի մը շնչականգառի պարագային, երբ ան գիտակցութիւնը չէ կորսնցուցած՝ շտապ օգնութիւն պէտք է կիրարկուի, այլ խօսքով՝ հետեւեալ անմիջական միջոցները պէտք է կատարուին այնտեղ գտնուող անձի մը կողմէ.

– Բանալ մանուկին բերանը եւ հարուածել անոր կռնակը որպէսզի հազայ: Եթէ մանուկը հազայ, այս կը նշանակէ, որ խցումը մասնակի է: Այս պարագային շարունակել կռնակը հարուածել, որպէսզի ան շարունակ հազայ: Օտար մարմինը շատ հաւանաբար դուրս գայ հազալով: Իսկ հազի բացակայութիւնը շատ հաւանաբար կը փաստէ խցումին ամբողջական ըլլալը: Այս պարագային կանչել բժշկական շտապ օգնութիւն եւ կատարել հետեւեալը.

– Երկու ձերքերով հարուածային ճնշում բանեցնել ստամոքսին վրայ եւ շարունակ հարուածել կռնակը՝ յուսալով, որ օտար մարմինը արտահանուի:

Անգիտակցութեան պարագային անմիջապէս կանչել բժշկական շտապ օգնութիւն: Մինչ այդ պառկեցնել մանուկը կարծր տախտակամածի վրայ եւ կիրարկել թոքասրտային վերակենդանացում (cardiopulmonary resussitation)՝ երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած՝ 25 անգամ հարուածել կրծքավանդակը՝ ճնշում բանեցնելով կրծոսկրին (sternum) վրայ, բանալ բերանը եւ ստուգել եթէ օտար մարմինը հասած է բերան: Եթէ այո, ձեռքով բռնել եւ դուրս հանել օտար մարմինը, ապա բերանով երկու անգամ շնչել (փչել) մանուկին բերանին մէջ: Եթէ կրծքավանդակը բարձրանայ եւ լայնածաւալի, կը նշանակէ որ շնչուղին բաց է եւ շնչականգառը անհետացած է: Իսկ կրծքավանդակի անշարժութեան պարագային երկրորդ անգամ նորէն 25 հարուածներ տալ կրծքավանդակին եւ ճնշել կրծոսկրին վրայ յուսալով որ օտար մարմինը արտաքսուի:

Գրականութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]