Մասնակից:Avedis.1998/Ավազարկղ 03

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Յակոբ Զաւրեան «Զաւրեւ» - ( ? - 1920), Բժիշկ:

Կենսագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ռուսախօս ու նիւթապէս ապահով ընտանիքէ մը կուգար: Տեղեկութիւններ կը պակսին անոր երիտասարդական կեանքի մասին: Զաւրեան փայլուն կերպով աւարտած էր Ս. Բեթերսպուրկի Զինուորական Բժշկական ակադեմեան: Դաստիարակուած էր բոլորովին օտար միջավայրի մը մէջ, անծանօթ էր իր մայրենի լեզուին: Ցեղին ձայնը արձագանգ կը գտնէր այս ազնուահոգի մարդուն մէջ, որ կ'որոշէր լքել իր կեանքի բարեկեցիկ պայմանները ու տրամադրուիլ իր հարազատ ժողովուրդի փրկութեան:

Բագուի բանուորական հիւնադանոցի գլխաւոր վարիչն էր (իսկ հետագային նաւթարդիւնաբերողներու ընկերութեան հիւանդանոցներու ընդհանուր տնօրէնը). երբ կ'իմանայ թէ Նիկոլ Դումանի խումբը պիտի երթար Սասուն: Կ'ընկերանայ հայդուկներու այդ խումբին, բայց սահմանին վրայ թշնամիի հետ բախում ունենալով, կը յետաձգուի արշաւանքը: Զաւրիեւ ուրիշ միջոցի կը դիմէ ու 1905ին կը յաջողի Բեթերսպուրկի կառավարութեան