Մասնակից:Avedis.1998/Ավազարկղ 02

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Միքայէլ Վարանդեան - (1872 Քեաթուկ գիւղը - 1934 Մարսէյլ) Գործիչ, խմբագիր եւ ղեկավար:

Կենսագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Բուն անունով Միքայէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1872-ին Ղարաբաղ, Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը: Նիւթապէս ապահով ընտանիքի զաւակ էր ու բերուած էր Ղարաբաղի մայրաքաղաքը Շուշի, ուր աւարտած էր պետական երկրորդական վարժարանը: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու համար, կ'անցնի Ժընեւ, 1892-ին, նիւթական աջակցութեամբ իր մօրեղբօր՝ կովկասահայ յայտնի հարուստ Արամեանցի:

Շուտով կ'ազդուի այդ շրջանի գաղափարական շարժումերէն. Ժընեւի կը գտնուէին այտ ատենները Յովնան Դաւթեան, Վահան Տոտոմեանց, Սիմոն Շխեան եւ Ռոստոմ, իբրեւ Դրօշակի խմբագիր, նաեւ ուրիշներ: Վարանդեան յաճախ Գերմանեա կ'երթար, լսելու համար իր սիրած բրոֆէսորներու դասախօսութիւնները: Ան սկսած էր գրել, Ego ծածկանունով, Մշակի եւ մուրճի մէջ:

1897ին կ'աւարտէ համալսարանական շրջանը ու վռամեանի առաջարկով, որ այդ ատեն Պուլկարիա կը գտնուէր, կ'երթայ Պալքան իբրեւ գործիչ: Չի կրնար հոն երկալ մնալ, մատնութեան հետեւանքով ռումէն կառավարութեան կողմէ կը հեռացուի երկիրէն:

Խմբագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

1898 Մարտին, Վարանդեան կը ստանձնէ Դրօշակի խմբագրութիւնը, երբ Ռոստոմ եւ Վռամեան կը մեկնին Կովկաս, Դաշնակցութեան 2-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Այնուհետեւ, կարճ ընդհատումներով, ան կը մնայ Դրօշակի մէջ, մինչեւ համաշխարային պատերազմը, իր հետ ունենալով ուրիշներ (Քրիստափոր, Ակնունի, Յովնան եւ այլն) ու երբեմն ալ մինակ: 1906ին եւ 1915ին, ոչ երկար ժամանակով, կ'անցնի Թիֆլիս, կը գտնուի Յառաջի եւ Հորիզոնի խմբագրութեան մէջ: Իր կեանքի մէծ մասը կ'անցընէ արտասահմանի մէջ, իբրեւ գործիչ խմբագիր եւ ղեկավար:

Վարանդեան կը մասնակցի Հ.Յ.Դ Վիեննայի եւ ուրիշ ընդհանուր ժողովներու: Դրօշակի խմբագրի հանգամանքով՝ կ'անդամակցի Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին: 1907էն սկսեալ դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվարական Միջազգայնականին մէջ, բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատէ Ժոռէսի, Փրէսասէի, Ռնոտելի, կաուցկիի, Պէպէլի, Վանտերվելտի եւ ուրիշ եւրոպացի առաջաւոր դէմքերու հետ:

«Pro Armenia» պարբերականի ձեռնարկին մէջ, Վարանդեան կ'ըլլայ Քրիստափորի աջ բազուկը ու հայ դատի պաշտպանութեան կը լուծուի Ժոռէս, Վիքտոր Պէռար, Քլէմանսօ, Պերնշտայն, Պրանտէս եւ այլն: Վերջինները մամուլի էջերէն, խորհրդարաններու եւ հանրային բեմերէն արձագանգ կ'ըլլան հայկական հարցին: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը մասնակցի Փարիզի պատուիրակութեան, կը գործակցի Պոլիս Նուպարի, որուն հանդէպ յարգանք ունէր: Կ'ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ ու կը նշանակուի դիւանագիտական ներկայացուցիղ Հռոմի մէջ:

Քաղաքական պայմաններու փոփոխութեամբ, հայ դատի հանդէպ անտարբեր վերաբերմունք ցոյց տուին ընկերվարական պարագլուխներ, որոնք իշխանութիւններու գլուխ անցած էին եւ Վարանդեանի ծանօթ բարեկամները եղած էին: Այս պարագային խորապէս կ'ազդէ իտէալիստ Վարանդեանին վրայ:

Վերջին տարիները բոլորովին տկարացած էր իր առողջութիւնը: Կը շարունակէր միշտ իր աշխատակցութիւնը դաշնակցական մամուլին: Իր մտերիմ ընկերոջ՝ Ահարոնեանի կաթուածը խորապէս կը ցնցէ Վարանդեանը: Ինք հրաւիրած էր Ահարոնեանը խօսելու Մարսէյլի Մշակոյթի օրուան հանդէսին եւ աչքին առջեւ կ'իյնայ ան, դեռ ճառը չաւարտած: Հարուածը ծանր կ'ըլլայ, հազիւ երկու ամիս վերջ ինքը եւս 1934 Ապրիլ 22ին, երբ Մարսէյլ բարեկամի մը տունը ճաշի էր, կաթուած կ'ունենայ: