Jump to content

Մասնակից:Գարօլին Քիւրքլեան/Ավազարկղ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Հայ կաթողիկէ զննառեան միաբան Հայր Մեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ Ճուրեան: Ծնած է Քեսապ,Սուրիա 1931-ին :1945-1953 ուսանած է Զմմառու աւանին մէջ, ապա մեկնած է Հռոմ,ուր Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարանին մէջ հետեւած է իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն կրթութեան:Կուսակրօն քահանայ ձեռնագրուած է 1959-ին,ձեռամբ:Աստուածաբանական ուսումը ամբողջացուցած է Յիսուսեան հայրերու Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ:Ճուրեան վարդապետի գրական ժառանգութիւնը կը բաղկանայ առաւելաբար հոգեւոր-կրօնական ու եկեղեցական տասնեակ մը գիրքերէ ու հարիւրաւոր յօդուածներէ եւ թարգմանութիւններէ:Մատենագիտական իր աշխատանքին հիմնական վաստակը Ցուցակ Զմմառու Մատենադարանի Հայերէն Հնատիպ Գիրքերուն արժէքաւոր աշխատանքն է(լուսատիպով հրատարակ):