Jump to content

Մասնակից:Աննա Սաղպազարեան/Ավազարկղ 03

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Խնձոր (Apple)[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Երկար Ժամանակ թարմութիւնը պահպանող ,քիմքային բարձր արժէքով այս պտուղը բոլոր կլիմայական գօտիներու մէջ կը համարուի կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու աղբիւր : Կը պարունակ է մինչեւ 80-85% ջուր ,շաքարը մինչեւ 7-15 % ,բջիջանիւթ , փէքթիններ,օրկանական թթութեր, տապաղանիւթեր, կենսանիւթեր, եթերային իւղեր,հանքային աղեր, ֆիթոցիթներ: Փոթասիումի բարձր պարունակութեան եւ թանինի շնորհիւ կ'արգիլէ միզաթթուի կուտակումը մարմնի մէջ: Խնձորի ցած քալորականութիւնը զայն կը դարձնէ անփոխարինէլի գիրութենէ տառապողներու համար , իսկ պարունակած փէքթինային նիւթերը կը մպաստեն մարմինէն քոլեսթրոլի արտաքսմանը: Թթու տեսակի խնձորները իրենց պարունակած օրկանական թթուներու մեծ քանակի շնորհիւ խորհուրդ կը տրուի օգտագործել թերթթուային կասսթրիթներու ,սփսթիկ քոլիթի ,լեղիի կանգումի ,ինչպէս նաեւ թունաւորումներու ժամանակ : Խնձորի քաղցր տեսակները նախընտրելի են գերթթուային ստամոքսաբորբի, խոցային հիւանդութեան պարագային: Խնձորի հիւթը ունի ցած քալորիականութիւն, հարուստ է երկաթով ,հետեւաբար՝օգտակար է արեան տկարութեան ժամանակ: Հիւթը հարուստ ըլլալով փէքթինային նիւթերով ունի մարմինը թափոններէ մաքրելու յատկութիւն: Ան կը նպաստէ երկամի քարերու հեռացմանը ,կը բարելաւէ շնչական սիստեմի աշխատանքը յատկապէս ծխողներու մօտ : Խնձորը օգտակար է ճարպակալման, աթերոսկլերոզի,արեան բարձր ճնշման,փոտակրայի, լիարդի եւ երիկամներու քրոնիկ հիւանդութիւններու ժամանակ: Օգտակար է առողջութեան համար խնձորով բեռնաթափման օրերը, երբ ամբողջ օրը պէտք է ուտել միայն 2քլկ. խնձոր: Խնձորը ինչպէս նաեւ վարունգը , նախընտրելի է ուտել կեղեւով ,լաւ լուալէ ետք, քանի որ անոնց պարունակած աննդային արժէք ունեցող նիւթերը կը գտնուին կեղեւի մէջ: « Խնձոր կերէք լաւատես ըլլալու համար» կ'ըսեն ֆրանսացիները: « Խնձոր կերէք բժիշկէն հէռու մնալու համար», կը հաստատեն անգլիացիները:

Աղբյուրներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  • Առողջութիւնն ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէրութ 2007