Jump to content

Մասնակից:Աննա Սաղպազարեան/Ավազարկղ06

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Մանտարին

Մանտարին (King Orange)[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Հիանալի տիեթիկ պտուղ է, զարմանահրաշհամով: Շատ օգտակար է հիւանդ եւ թոյլ օրկանիզմին համար, քանի որ ան կը պարունակէ կենսաբանօրէն գործօն նիւթեր: Մանտարինի պարունակած հանքային նիւթերու մէջ կը գերակշռէ փոթասիումը: 100կրամ մանտալինի մէջ անոր քանակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 150մլկ., որը կը համարուի կարեւոր սնունդ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու ժամանակ: Մանտարինի կեղեւի բաղադրամասերը կ'ընկճեն սթաֆիլաքոք մանրէներու աճը: Մանտարինի ամէնորեայ պարբերական օգտագործումը կը բարձրացնէ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը, յատկապէս մրսածութիւնէ յառաջացած հիւանդութիւններու պարագային: Կեղեւի պարունակած եթերային իւղերը ունին լարուածութիւնը չէզոքացնող, ջղային համակարքը հանգստացնող յատկութիւն: Դիւրին իւրացուող օրկանական երկաթի շնորհիւ օգտակար է տարաբնոյթ սակաւարիւնութիւններու ժամանակ: Ան անհրաժեշտ է քրոնիկ փորկապութեամբ տառապողներուն:

Մանտարինի հոտէ կը խուսաբին մժեղները: Անոր կեղեւներով պատրաստուած թէյը լաւ միջոց է փորհարութենէ տառապողներու համար: Սնկային հիւանդութիւններու ժամանակ պտղահիւթով շփել մորթի ախտահարուած մասերը: Վահանաձեւ գեղձի, քլիմաքսի (menopause), նորագոյացութիւններու եւ ծանր հիւանդութիւններու ժամանակ, մանտարինի կեղեւը խիւսի վերածել , խառնել մեղրի հետ՝2: 1 յարաբերականութեամբ, փակ ամանի մէջ պահել սառնարանը: Ուտել մէկական ճաշի դգալ ճաշէ առաջ: Մանտարինի չորցուած կեղեւներու եփուկը խմել որպէս խորխաբեր, հազը հանգստացնող, սրտախառնուկը մեղմացնող եւ մարսողութիւնը լաւացնող միջոց:

Աղբիւրներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007