Jump to content

Մասնակից:Աննա Սաղպազարեան/Ավազարկղ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Պանան

Ադամաթուզ(Banana)[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Պանանաը սննդարար պտուղ է, կը պարունակէ Vit.A,B,P,C,փոթասիում, քալսիում, երկաթ, մակնէզիում, հարուստ է բնաթելերով (fibers): Պանանը օգտակար պտուղ է բոլոր տարիքի անձանց համար: Ըստ արեւելեան բժշկութեան, պանան ուտելէ յետոյ կը բարձրանայ տրամադրութիւնը, կը փափկի չոր հազը, կը բարձրանայ սեռական կարողութիւնը: Պարունակած փէքթինի շնորհիւ կը կարգաւորէ քոլեսթրոլի քանակը արեան մէջ, իսկ փոթասիումը կը նպաստէ սրտի ռիթմիկ աշխատանքին, կը կարգաւորէ արեան զարկերակային ճնշումը: Միւս կողմէ ոչ հասուն պանանը պնդութիւն կը յառաջացնէ, իսկ հասուն պանանը փորհարութեան դէմ բուժիչ ազդեցութիւն ունի: Ան կը կանոնաւորէ քունը, կարեւորէ ոսկորներու աճման եւ անոնց զորացման համար: Պանանը համեմատած միւս պտուղներու հետ դանդաղ կը մարսուի, Գիրութեան, շաքարախտի պարագային սահմանափակել պանանի գործածութիւնը անոր բարձր քալորականութեան պատճառով: Երբ պանանը հասունցած է, անոր պարունակած ածխաջրատները կը վերածուին շաքարի: Սեւ կէտերով ծածկուած հասուն պանանի կեծ'ղեւը ունի հզոր հականեխիչ ազդեցութիւն վէրքերու եւ բորբոքած մորթի համար: Երբեք չգնել վնասուած կեղեւով պանան, խուսափելու համար անոր մէջ ոչ ցանկալի մանրէներու առկայութենէ:

Աղբիւրներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007