Մասնակից:Njteh tovmasian/Ավազարկղ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Խորէն նար-Պէյ Արքեպիսկոպոս ծնած է 1831 սեպտեմբեր 6ին Բերայի մէջ« իր մկրտութեան անունն է Ջիւան« որ ընդունուած էր իր ազգատոհմէն իբր պատմական հին յիշատակներու վրայ հիմնուած անուն մը: 1843 թուականին ուղարկուած է վենետիկ իր հայրը Գէորգ եուսուֆ թէեւ կ՝ուզէր մանուկը Պետերբուրգի զինուորական դպրոցը դնել բայց մայրը Հրոմեական ըլլալով կը փափաքէր վենետիկ ղրկել« ի վերջոյ հայրը տեղի տուաւ եւ փոքրիկն Ջիւան վենետիկ ղրկուտցաւ: Ճեմարանի արձանաքրութիւններէն յայտնի է որ Ջիւան միշտ յառջադէմ եղած է եւ ամէն տարի առաջին մրցանակ ստացած է: Նոյնպէս առաջին մրցանակ կը ստանայ ուսումը աւարտելու ժամանակ Աստուածաբանական գիտութեանց մէջ« ուրկէ ետք կը ձեռնադրուի 1855 թուին քահանայ եւ իսկոյն կը նշանակուի Գէվորգ Հիւրմիւզ Արբահօր քարտուղար« միանգամայն կարգուելով տնօրէն բազմավեպի խմբագրութեան: 1857 թուին նար-Պէյ հրաժարեցաւ վենետիկի միաբանութենէն եւ Պոլսոյ Պատրիարք Յակոբոսի հրաւէրով նշանակուեցաւ ուսումնապետ Փարիզի Հայկազիան վարժարանի« որուն տնօրէնութիւնը կը վարէին Այազովսքի Գաբրիէլ« Սարգիս Թէոդորեան եւ Ամբրոսիոս Գալֆա« որոնք արդէն երեք տարի առաջ ձքած էին վենետիիկ միաբանութիւնը: Հիւմիւազեան Հ. գէորգ եւ երուարդ եպիսկոսները եւ Հ. Արսէն բագրատունի շատ ջանացին որպէս զի չթողու միաբանութիւնը բայց նար-Պէյ անդրտդուելի մնաց եւ գնաց Փարիզ վերոյիչեալ խումբին հետ միանալու: Խորէն վարդապետ դեռ վանքին մէջ եղած ատեն գրաւած էր թէ Հայերու եւ թէ վենետիկի գիտնական իտալացիներու ուշադրութիւնը իր Աստուածաբանական գիտութիւններու« Մատենագրութեան եւ լեզուագիտութեան հմտութեամբը« իր տաղաչափական գրուածներով«որով Հայկական քերթող ի անունը ստացած էր: Փարիզի մէջ եւս ձերնթափ չըլլալով իր գիտական ու գրական պարապմուն քէն« պաշտնէն դուրս ազատ ժամերը կը նուիրէր գրականութեան եւ երաժշտութեան« ուսումնասիրելով ֆրանսական գրականութիւնը եւ թարգմաանելով լամարդինի դաշնակները: Ինչ ասդուած էՀիւկոյէն եւ լամարթինէն մանաւանդ այս վերջինէն որուն բարեկամն էր« նաեւ եղաւ անոր հետեւողը եւ խոնարխ աշակերտը իր գրական կեանքին բոլոր ընթացքին մէջ: Խորէն վարդապետ Փարիզ կը մնայ մինչեւ 1859 թուկանը« որէվհետեւ հայկազեան վարժարանը« այդ թուականին կը փակուի« զոհուելով էնթրիկներու: վարժարանին փակուելուն Պատճառներէն մէկն ալ էր որ սկզբները Պօլսոյ