Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 12, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ուրարտուի գերագոյն եւ ռազմի աստուածը Խալդի կենաց ծառին մօտ
Ուրարտուի գերագոյն եւ ռազմի աստուածը Խալդի կենաց ծառին մօտ

Կենաց Ծառ, հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշէ: Առասպելական բոյս՝ դրախտին մէջ (երկինքի) աստուածներուն ու արդարներուն անմահութիւն պարգեւելու համար:

Այս պատկերացման արմատները թաղուած են հին ժամանակներու խորքերը, անոնց դասական մշակումը, սակայն, ունեցած է նստակեցութեան, անասնապահութեան եւ մասնաւորապէս ոռոգուող երկրագործութեան շնորհիւ: Կենաց ծառի գաղափարին մէջ ընդգրկուած են մարդոց կենսափորձի իմաստութիւնները եւ հին պատկերացումները՝ բնութեան օրինաչափութիւններու նկատմամբ:

Կենաց ծառը կը համարուի հնագոյն մարդու կրօնա-ծիսական պատկերացումներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:Կենաց ծառի պաշտամունքը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը կրէ իր միջավայրին տեղական առանձնայատկութիւնները:  Առանձին վայրերու մէջ սրբացուած են նաեւ ծառերու տարբեր տեսակներ:

Անհրաժեշտ է կատարելապէս ուսումնասիրել այն հասկացութիւնները, որոնք... Ավելին